Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Անխուսափելին…(ՀՅԴ 133-Ամեակ) -Դ.

January 25, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը, հակառակ պատմական բոլոր փորձութիւններուն, գաղափարական, հաւատաւոր ու նուիրեալ իր յաջորդական սերունդներուն քրտինքով միշտ բարձր պահեց քաղաքական անկախ մտածողութեան, գաղափարախօսական ու կազմակերպական ինքնուրոյնութեան կենարար իր դրօշը, անայլայլ մարտունակութիւնն ու գաղափարապաշտութիւնը:

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան ամեակներուն նուիրուած տարբեր գիրերն ու խօսքերը միշտ ալ անդրադարձած են ցաւոտ հարցերու ու շեշտած անոնց սրբագրութիւնը: Այս իրականութենէն ծնունդ առած եւ լոյսին եկած դաշնակցական հրապարակագիրներու եւ գրողներու մտորումները ուղեցոյց հանդիսացած են տասնամեակներ շարունակ:

Արդ, դաշնակցականի խիղճն ու ուխտը, նահատակ ընկերներու, վաստակաւոր հին թէ նոր սերունդի ընկերները միշտ ալ յուշած են, կը յուշեն, որ իւրաքանչիւր դաշնակցականի պարտքն է անարատ պահել ու պահպանել Դաշնակցութեան սրբութիւնները:

133 տարիներու կենսափորձ ունեցող մեր կուսակցութիւնը կ՛ապրի իր ամէնէն դժուար օրերը, այն առումով, որ մենք կորսնցուցինք հայրենիք Արցախը, հրաշալի Շուշին: Ճիշդ է նաեւ այն, որ մեր կուսակցութիւնը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր կը դիմագրաւէ շատ լուրջ հարցեր այլազան բնագաւառներու մէջ:

Խօսքը կը վերաբերի առաջին հերթին մեր կուսակցական աւանդներուն եւ պատմութեան: Այսինքն` երէկին ու այսօրին: Երէկ` դաշնակցականի երդումը ունէր հզօր նշանակութիւն, իմաստ եւ արժէք: Աւելի՛ն. Դաշնակցութեան հմայքը եւ հեղինակութիւնը իւրաքանչիւր կուսակցականի համար սրբութեան համազօր էին, որով կը հպարտանար համակիր զանգուածն անգամ: Այսօր, ժամանակի թաւալքին հետ, ընդարմացած է մեր կամքը եւ մոռացութեան տրուած` երդումը:

Դաշնակցականի մեր ուխտին տիրութիւն ընելու ժամն է հասեր, որպէսզի կարենանք վերարժեւորել մենք մեզ եւ լծուինք աշխատանքի:  Հռետորաբանութիւնը խախտեց մեր միջավայրի ներքին ըմբռնումը, սին ճառերն ու թեթեւսոլիկ առօրեայ կեանքը, տեղ մը, դիմափոխեցին մեր էութիւնը:

Դաշնակցական արժէքներու վերադարձը լոկ խօսքեր չեն, այլ զանոնք պէտք է անյապաղ կեանքի կոչել, ձերբազատիլ նեղմիտ ու հատուածական վերաբերումներէ:

Այս բոլորի նշումը, առանց վարանումի, կը միտին բարեկարգել միջավայր մը ամբողջ, կազմակերպական կեանք մը համակ, որ կարենանք սահմանափակել օտար հոսանքներու եւ ուժերու ազդուութիւնն ու թափանցումը:

Արդ, կազմակերպական կեանքի հունաւորումը անհրաժեշտութիւն է վաղուց:

Կեանքի ու դաժան առօրեայի պատճառով առկայ հիասթափութիւնն ու անտարբերութիւնը կլանած են մեր հոգիները: Մտածել է պէտք անոնց պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին:

Կուսակցականի պարտականութիւնը հարկ է համարել գերագոյն արժէք, ինչ որ կ՛ենթադրէ նոր շունչ, եռանդ ու ոգի ներառել տուեալ աշխատանքին: Այլ խօսքով` վերանորոգել, վերանայիլ, վերարժեւորել ու դէպի բարեկարգում ընթանալ` յանուն պայծառ ապագայի եւ գիտակցական մակարդակի առաւել ամրակայման:

Կան յոյժ էական գործօններ, որոնցմով պէտք է օժտել մեր կուսակցութիւնը, որ կարենայ ապահովել իր սրբազան երթը: Այլ խօսքով` չենք կրնար այլեւս մեր դասական ըմբռնումով աշխատանքային դաշտեր վարել կամ հունաւորել: Մեր միտքն ու աչքը, կամքն ու նախաձեռնութեան ոգին պէտք է ներդաշնակ գործեն, որպէսզի յաջողինք առաւել պայծառացնել ՀՅ Դաշնակցութեան հմայքը, հեղինակութիւնը:

Այո՛, ժամն է հասեր լուռ աշխատելու եւ դաշնակցականի գործ ցոյց տալու: ՀՅ  Դաշնակցութեան հզօր զէնքերէն` ընկերասիրութիւնը, գաղտնապահութիւնն ու անկեղծութիւնը տակաւ դադրած են իրենց գրաւչութենէն, եւ անոնց փոխարինած են ինքնագոհութիւնը, ցուցամոլութիւնն ու եսասիրութիւնը:

Քաջ հաւատացողն ենք, որ Դաշնակցութիւնը կրնայ պաշտպանել ինքզինք, պահել իր ազգային գաղափարախօսութիւնը, անկախ մտածելու եւ գործելու հիմնարար արժէքները, զորս ժառանգած ենք մեր անգնահատելի անցեալէն:

Պահու լրջութիւնը մեզմէ կը պահանջէ դաշնակցականօրէն ծրագրել եւ լուռ աշխատիլ, որպէսզի մեր անկրկնելի կուսակցութիւնը մնայ իր պատմական դերին մէջ եւ իրաւ դաշնակցականի արժէքները ժառանգէ յետնորդ սերունդներու:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հայ Առաքելական Եկեղեցիներու Այժմու Դպրաց Դասերը Եւ Երգչախումբերը

Յաջորդը

Խորհրդածութիւններ` ՀՅԴ 133-Ամեակին Առիթով (Դ.) – Համաթուրանական Վտանգներու Յաղթահարումը` Համահայկական Գաղափարախօսութեամբ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.