Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպառազինութեան Ոլորտին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Խնդիրները Մեծ Մասամբ Լուծուած Են

January 23, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպառազինութեան ոլորտին մէջ ռուսական ընկերութիւններու հետ ունեցած խնդրայարոյց հարցերը մեծ մասամբ լուծուած են, սակայն շարք մը խնդիրներ կը շարունակեն մնալ չլուծուած, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի գրաւոր հարցումին ի պատասխան յայտնած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութենէն` չյստակացնելով, թէ արդեօք խօսքը 400 միլիոն տոլարի ծիրին մէջ իրականացուած մատակարարումներու մասի՞ն է:

Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հայաստանի իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով կը դժգոհէին, թէ Ռուսիոյ միլիոնաւոր տոլարներ փոխանցած են, սակայն զէնք չեն ստացած:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ դեսպանը մէկ ամիս առաջ պնդած էր, թէ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան ոլորտին մէջ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կնքուած գրեթէ բոլոր համաձայնագիրները ժամանակին աւարտած են:

Իշխանամէտ պատգամաւորները միայն վերջերս յայտնեցին, որ Ռուսիան արդէն մատակարարումներ կը կատարէ: Խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնախումբի անդամ Գագիկ Մելքոնեան շուրջ մէկ շաբաթ առաջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, թէ ռուսական զէնքի քանակ մը արդէն Հայաստան հասած է:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հովուապետական Այցելութեամբ Ժամանեց Ապու Տապի

Յաջորդը

«Փարիզ Երեւանին Շարունակական Աջակցութիւն Պիտի Ապահովէ» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը

RelatedPosts

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ  Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Իշխան Սաղաթելեան Փարիզի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Օլիվիէ Ֆորի Հետ

October 12, 2026
Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին  Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի  Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»
Հայկական

Ուրալօղլու. «Կարս-Իգտիր-Տիլուճու Երկաթուղիին Շնորհիւ Կ՛ամրապնդենք Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Հաղորդակցութիւնը»

October 12, 2026
Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը  Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան  Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են  Թրամփի Թեկնածութիւնը»
Հայկական

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Իմ Նախաձեռնութեամբ Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակի Համար Համատեղ Առաջարկած Են Թրամփի Թեկնածութիւնը»

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.