Ֆրանսան Հայաստանին շարունակական աջակցութիւն պիտի ապահովէ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին` մէջբերելով Ֆրանսայի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէի դիւանագիտական անձնակազմին յղած ուղերձը:
Ըստ դեսպանին, ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ պէտք է ձգտիլ արդար եւ տեւական խաղաղութեան` յարգելով օրէնքն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ պէտք է ապահովել բնակչութեան արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը` յարգելով անոր յիշողութիւնը, պատմութիւնը եւ մշակոյթը:
Մաքրոն. «Հայաստանին Առնչուող
Պատմական Ընտրութիւն Կատարած Ենք»
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն 20 յունուարին զինեալ ուժերուն իր յղած տարեկան ուղերձին մէջ անդրադարձած էր նաեւ Հայաստանին` յայտարարելով կատարուած «պատմական ընտրութեան» մասին:
«Պալքանները, Հայաստանը (…) գրաւած են մեր ուշադրութիւնը եւ յանգեցուցած մեր դիրքորոշման ամրապնդման ու պատմական ընտրութիւններ կատարելուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանին», ըսած է Մաքրոն` առանց մանրամասնելու:
Հայաստան եւ Ֆրանսա 2023 թուականին զինուորական ոլորտին մէջ կնքեցին համագործակցութեան համաձայնագիր, որով Փարիզը մասնաւորաբար «Ժէ.Էմ.-200» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր կը վաճառէ Երեւանին: Ֆրանսան Հայաստանին նաեւ «Պասթիոն» զրահապատ մեքենաներ մատակարարեց:
Այս համագործակցութիւնը յարուցեց Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ դժգոհութիւնը եւ առաւել եւս սրեց Պաքուի ու Փարիզի միջեւ լարուածութիւնը:


