Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր գործընկերներուն հետ լուրջ բանակցութիւններ կը կատարենք, փորձելով մնացեալ պատանդները ազատ արձակել, սակայն մինչեւ հիմա գործարքի մը ուրուագիծը չկայ»:
«Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի համակարգող (Պրեթ) ՄքԿըրք այս շաբաթ Տոհա էր` տեսնելու, եթէ կրնա՞ն յառաջ ընթանալ», ըսաւ Քըրպի:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն «կը շարունակէ շատ լաւատես ըլլալ երկու պետութիւններու լուծման իրագործման նկատմամբ, եւ կը կարծէ, որ անիկա շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման լաւագոյն ուղին է»:
Իսրայէլ համաձայն չէ դադրեցնելու Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները` պաղեստինեան Համաս շարժումին մօտ գտնուող իսրայէլացի գերիներու ազատ արձակման դիմաց: Այս մասին յայտնեց «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրները:
«Մանրամասնութիւններու մեծ մասին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Խնդիրը այն է, որ Իսրայէլ համաձայն չէ մնայուն զինադադարի», «Էն.Պի.Սի.»-ի յայտնած է բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւուած երրորդ կողմի անանուն դիւանագէտը:
Պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի ներկայացուցիչները յառաջ կը մղեն Կազայի մէջ պահուող շուրջ 130 գերիներու ազատ արձակման գործարքը: Համաս Իսրայէլէն կը պահանջէ դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները, Կազայէն դուրս բերել զօրքերը եւ ազատ արձակել մեծ թիւով պաղեստինցի բանտարկեալներ: Ինչպէս «Էն.Պի.Սի.» կը նշէ, քննարկուող գործարքը կը նախատեսէ 30 օրուան ընթացքին գերիներու ազատ արձակում:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կիրակի երեկոյեան նշեց. «Բոլոր ճակատներուն վրայ եւ բոլոր հատուածներուն մէջ պատերազմը կը շարունակենք, եւ որեւէ թշնամիի անձեռնմխելիութիւն պիտի չպարգեւենք, ո՛չ Կազայի, ո՛չ Լիբանանի, ո՛չ Սուրիոյ, ո՛չ ալ որեւէ տեղի մէջ. ան որ մեզ կը թիրախաւորէ, զինք պիտի թիրախաւորենք»: Այս մասին հաղորդեց Նեթանիահուի տեղեկատուական գրասենեակը:
«Ինչ կը վերաբերի մեր առեւանգեալներուն, ապա մինչեւ հիմա 110 առեւանգեալ վերադարձուցինք, եւ յանձնառու ենք զանոնք բոլորն ալ վերադարձնելու. ատիկա պատերազմի նպատակներէն մէկն է, եւ զինուորական ճնշումը անոր իրագործման հիմնական պայման մըն է: Ամէնօրեայ դրութեամբ ատոր իրագործման համար կ՛աշխատինք, սակայն յստակ թող ըլլայ, կտրուկ կերպով կը մերժեմ Համասի ճշդած անձնատուութեան պայմանները:
«Համաս կը պահանջէ մեր առեւանգեալներուն դիմաց Կազայէն մեր ուժերը հեռացնել, (Համասի) մասնայատուկ ուժերէն գերիները ազատ արձակել եւ Համասը պահել իշխանութեան վրայ, եւ եթէ ատոր համաձայնինք, մեր մարտիկները ի զուր ինկած կ՛ըլլան, եւ պիտի չկարենանք մեր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը երաշխաւորել, ինչպէս նաեւ պիտի չկարենանք մեր քաղաքացիները ապահով կերպով իրենց տուները վերադարձնել, իսկ յաջորդ 7 հոկտեմբերը միայն ժամանակի հարց պիտի ըլլայ:
«Պատրաստ չեմ Իսրայէլի անվտանգութեան այսպիսի վտանգաւոր ոտնահարումի մը, ուստի ատոր համաձայն պիտի չըլլամ, իսկ Համասի ճշդած պայմանները պարզ իրականութիւն մը կը յստակացնեն, թէ յաղթանակին այլընտրանք գոյութիւն չունի: Բացառապէս բացարձակ յաղթանակն է, որ պիտի երաշխաւորէ Համասի ոչնչացումն ու մեր բոլոր առեւանգեալներուն վերադարձը: Այդ մէկը շաբաթավերջին մեր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին», ըսաւ Նեթանիահու:
«Կազան պէտք է ապազինեալ ըլլայ եւ ենթակայ իսրայէլեան ապահովական ամբողջական վերահսկողութեան», նշեց ան:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ մինչ իսրայէլեան կառավարութիւնը Այսրյորդանանի եւ մինչեւ իսկ Կազայի բռնակցումը կ՛ուզէ, Միացեալ Նահանգներ կ՛առաջարկեն իրենց սեփական լուծումը` բարեփոխուած Պաղեստինեան իշխանութիւնը կը ստանձնէ Կազան, եւ Իսրայէլ կրնայ ատկէ շահիլ. նախ եւ առաջ պիտի ստանայ ամերիկեան մեծ աջակցութիւն, որ իսրայէլեան բանակին ազատութիւն պիտի տայ Համասի դէմ բազմապիսի կերպով գործելու, երկրորդ` ստեղծել Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Մարոքի նման արաբական մեծ պետութիւններու ամերիկեան ղեկավարութեամբ համամիտ ու կայուն ռազմավարական առանցք մը, որ կը ներառէ ամերիկեան ղեկավարութեամբ շրջանային զինուորական դաշինքի ձեւաւորում, «ինչ որ կարեւոր կացութիւն է, մանաւանդ երբ յիշենք, որ Իրանը Իսրայէլի դիմակայած ապագայ վտանգին սիրտն է»:
Իսրայէլեան օրաթերթը աւելցուց, որ Պայտըն այս շաբաթավերջին Նեթանիահուին փոխանցած է այն պատգամը, որ «եթէ Նեթանիահուն իր ուղին չփոխէ, ապա պիտի արձանագրուի, որ ան Իսրայէլի պատմութեան մէջ մեծագոյն ռազմավարական ձախողութեան պատասխանատուն է, եւ այս պարագային պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի իբրեւ սիրուած ղեկավար մը, որ մեզ փրկութեան ափ հասցուց»:
Սէուտական Արաբիան պիտի չհամաձայնի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու առանց «վստահելի եւ անշրջելի» խաղաղութեան հոլովոյթի, որ դէպի Պաղեստինի պետութիւն կը տանի: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտ իշխանը:
«Շրջանին մէջ իրական խաղաղութեան, իրական կայունութեան եւ իրական համարկման ճամբան, որ բոլորիս, ներառեալ Իսրայէլին, տնտեսական եւ ընկերային օգուտներ կը բերէ, կ՛անցնի վստահելի եւ անշրջելի հոլովոյթով, որ կը տանի դէպի Պաղեստինի պետութիւն:
«Մենք` ոչ միայն Սէուտական Արաբիան, այլ նաեւ արաբական երկիրները ամբողջովին պատրաստ ենք մասնակցելու այս խօսակցութեան: Յոյսով եմ, որ իսրայէլացիները պատրաստ են, սակայն ատիկա անոնց որոշելիքն է», ըսաւ ան:
«Միտըլ Իսթ Այ» կը հաղորդէ, որ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները Սէուտական Արաբիոյ ճամբով Կազայի մէջ լարուածութեան մեղմացման վերաբերեալ պատգամներ կը փոխանակեն: Աղբիւրներ կայքին յայտնած են, որ սէուտցի ականաւոր պաշտօնատարներ նոյեմբեր 2023-էն ի վեր երկու երկիրներուն միջեւ պատգամներու փոխանցում կատարած են:
Եւրոպացի պաշտօնատարներ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են, որ Եւրոպական Միութիւնը իր անդամները կը յորդորէ Իսրայէլը պատժելու, եթէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն շարունակէ Պաղեստինի պետութեան ստեղծումը մերժել: Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ առաջարկը Եւրոպական Միութեան անդամներուն Իսրայէլի կողմէ երկու պետութիւններու ստեղծման հիմամբ լուծումին մերժումին նկատմամբ զայրոյթին ցուցանիշն է:
Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր Պաղեստինի հարցով նիստ մը պիտի գումարէ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը դիւանագիտական աղբիւրներէն ստացած տեղեկութեան հիմամբ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հասած է Նիւ Եորք` մասնակցելու համար Ապահովութեան խորհուրդի նիստի, եւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւս հասաւ Նիւ Եորք` մասնակցելու համար Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստերուն:
Իսրայէլացի Գերիներու Հարազատները
Գրոհեցին Քնեսեթ
7 հոկտեմբերին Համասի կողմէ գերեվարուած իսրայէլացիներու հարազատները երէկ գրոհած են երկրի խորհրդարանի` Քնեսեթի շէնք, օրէնսդիրներէն պահանջելով գործօն ջանքեր ձեռնարկել գերիներու ազատ արձակման համար:
«Ռոյթըրզ»-ի տեղեկութիւններով` գերիներու հարազատները մուտք գործած են խորհրդարանի Ելեւմտական հարցերու յանձնախումբի նիստերու դահլիճ` ընդհատելով այդ պահուն ընթացող քննարկումը:
«Քանի տակաւին դուք այստեղ նստած էք, Կազայի մէջ պահուող մեր հարազատները կը զոհուին», նշած է ցոյցի մասնակիցներէն մէկը:
Միւս կողմէ, իր ծայրայեղ աջակողմեան դիրքորոշումով ծանօթ Իսրայէլի ժառանգութեան նախարար Ամիհայ Էլիահու յայտարարեց. «Եթէ պատերազմը դադրի, կառավարութենէն պիտի հեռանանք»:
Իսրայէլեան «Մաարիւ»-ը հաղորդեց, որ իսրայէլացի ծայրայեղ աջակողմեան այլ նախարար մը` Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր, Նեթանիահուին յայտնած է, որ եթէ պատերազմը վերջ գտնէ, կառավարութիւն գոյութիւն պիտի չունենայ:
Իսրայէլի պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար, ծայրայեղ աջակողեան Պեզալէլ Սմոթրիչ ըսած է. «Պատերազմի դադրեցում ներառող գործարքի մը համաձայն պիտի չգտնուինք»:
Իսրայէլի ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Փոխան պատերազմի ժամանակ վիճաբանելու, Պենիամին Նեթանիահուին կ՛առաջարկեմ, որ ես եւ ինք նստինք ու ընտրութիւններու թուական ճշդենք»:


