Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 7-10 տարեկան երեխաներու համար արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարան` «Պուրակ» հարթակի մեկնարկը:
«Պուրակ»-ը ծնունդ առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի հովանաւորութեամբ:
Ծրագիրին նպատակն է զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի ու լեզուամտածողութեան զարգացման եւ այլազանել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու մատուցման եղանակները` առաւել եւս արմատացնելով արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը:
Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մանկավարժական սկզբունքներուն հիման վրայ, աշակերտները տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու առաջին տարիներուն, հիմնական բոլոր նիւթերու դասաւանդութիւնները կը ստանան իրենց մայրենի լեզուով` հայերէնով: Հետեւաբար այլազան կարողութիւններով օժտուած եւ ներկայ արհեստագիտականացած առօրեային մէջ ապրող հայ երեխային համար նման ծրագիրի մը իրագործումը կը նպաստէ, որ լսատեսողական արդի եւ ժամանակակից միջոցներով պատրաստուած «Պուրակ»-ը երեխային ընծայէ արեւմտահայերէնով յաւելեալ ընդհանուր զարգացում: Ան կ՛ընդգրկէ հայ լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան ոլորտները:
«Պուրակ»-ը հարթակ մըն է, ուր գիտելիքներու եւ նիւթերու ներկայացումը կը կատարուի կարճ տեսերիզներու (short animated movies) եւ համապատասխան տպուող թերթիկներու (printable documents) միջոցով: «Պուրակ»-ի համար պատրաստուած տեսերիզները, աստիճանաբար բարդացող վարժութիւնները եւ օժանդակ թերթիկները կ՛ապահովեն նիւթերու եւ յղացքներու լսատեսողական միջոցներով փոխանցումը եւ տրամաբանական զարգացումը` նպաստելով երեխային ընդհանուր զարգացման:
«Պուրակ»-ի աշխատակազմը կը բաղկանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմէն, Ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ: Աշխատանքը բաժնուած է երկու գլխաւոր բաժիններու` մանկավարժական եւ թեքնիք: Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր պատասխանատուն եւ համապատասխան աշխատակիցներու խմբակը:
«Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագիրին` հաւատալով անոր նպատակին. աշխատանքի ընթացքին յաճախ ստացանք ստեղծագործ նոր առաջարկներ` յառաջիկային զանոնք կիրարկելու համար:
«Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները կը հաւատան, որ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն կամ ծնողներուն համար նմանօրինակ հարթակներ եւ այլազան գրաւիչ ու ստեղծագործ նորարարութիւններ անհրաժեշտութիւններ են հայ երեխաներուն համար դպրոցէն ներս, կամ` ժամանցի պահուն:
Այժմ կը յայտարարենք «Պուրակ»-ի մեկնարկը Bourag.com հասցէով: Տեսերիզներու եւ թերթիկներուն առաջին բաժինը արդէն իսկ զետեղուած է հարթակին վրայ. հարթակը կը սկսի 11 տեսերիզներով եւ 22 տպուող թերթիկներով: Հարթակը շաբաթական կը թարմացուի նորութիւններով` նոր տեսերիզներով եւ տպուող թերթիկներով: Կը յուսանք, որ կարելի ըլլայ «Պուրակ»-ը յարատեւ ճոխացնել նորանոր հատուածներով, բացատրութիւններով, տեսերիզներով եւ ստեղծագործ այլազան թղթածրարներով:
Վարձքը կատա՛ր այսպիսի նախաձեռնութիւնները քաջալերողներուն եւ հովանաւորողներուն: Իբրեւ հայ մանկավարժներ եւ մասնագէտներ` մեր առաքելութիւնն է վառ պահել հայոց լեզուն ու զարկ տալ անոր զարգացման:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ


