Ուրբաթ օր Տուպայի մէջ սկսաւ 33-րդ միջազգային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 12 խումբերու:
Լիբանանէն 4 խումբեր կը մասնակցին այս մրցաշարքին, որոնցմէ Պէյրութ Ֆըրսթ, որ արաբական ակումբներու ախոյեանն է, բացման մրցումին պարտութիւն մը կրեց Լիպիոյ Ահլի Թրիփոլիէն` 75-81 արդիւնքով: Ահլի Թրիփոլի խումբին մարզիչն է լիբանանցի Ֆուատ Ապու Շաքրա, որ անցեալ շաբաթ ձեռք ձգեց ՀՄԸՄ-ը նոր լքած Ուոլթըր Հոճը, որ այս մրցումին շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ:
Յաջորդ մրցումին, Սաժես կը մրցէր Նասր խումբին դէմ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ակումբ մըն է: Նասր անակնկալի բերաւ Սաժեսը` 79-73 արդիւնքով:
Ուրբաթ օրուան վերջին մրցումին, Լիբանանի ախոյեան Ռիատի 86-70 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թունուզի ազգային խումբը:
Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ իր առաջին մրցումը ունեցաւ եւ 71-93 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ահլի Թրիփոլիէն (Լիպիա): Ճիշդ է, որ ՀՄԸՄ-ի տղաքը լաւ ելոյթ չունեցան, բայց պէտք է ըսել, որ լիպիական ակումբն ալ շատ լաւ մակարդակի պասքեթպոլ կը ցուցաբերէ:
Ռիատի իր երկրորդ մրցումին 88-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մարոքի Սալա խումբի դէմ, որմէ ետք` շաբաթ օրուան վերջին մրցումին, Սաժես 73-61 արդիւնքով պարտութիւն մը եւս կրեց այս անգամ Թունուզի ազգային խումբէն:
Երէկ ՀՄԸՄ-ի մեր տղաքը շատ գեղեցիկ ելոյթէ մը ետք 95-104 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին ֆիլիփինեան Սթրոնկ Կրուփ Աթլեթիքօ ակումբէն: Պէտք է ըսել, որ մեր տղաքը շատ լաւ էին խումբի մը դէմ, որ ունէր 2 նախկին «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկներ Տուայթ Հաուըրտը (որ հաւանաբար միանայ Սաժեսի) եւ Անտրէ Պլաչը: Հաուըրտ 32 կէտ նշանակեց` իսկ Պլաչ 5 յաջորդական 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց 4-րդ մասին:
Մեր տղաքը առաջին մասին 24-17 արդիւնքով կը յաղթէին, իսկ 2-րդին 48-42: Կիսախաղէն ետք ֆիլիփինեան կազմը մօտեցաւ, մանաւանդ Տուէյն Ճեքսընի եւ Զեք Լոֆթընի ֆաուլերուն թիւը մօտենալէ ետք 4-ի մարզիչը ստիպուեցաւ դուրս հանել` զանոնք մրցումի վերջին պահերուն ձգելով: Զեք Լոֆթըն երէկ շատ փայլուն ելոյթ մը ունեցաւ` նշանակելով 37 կէտ:
Այսօր ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, մրցումը տեղի կ՛ունենայ ժամը 17:15-ին, անոր կը յաջորդէ Սաժես – Ռիատի մրցումը` ժամը 19:15-ին:


