Շաբաթավերջին սկսաւ Պէյրութի շրջանի Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ երէկ երեկոյեան կատարեց իր մրցումը Անսարի դաշտին վրայ, կրցաւ 4-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրել Ֆ. Ք. Պէյրութի դէմ:
2 կոլ նշանակեց Քարլոս Թոմաս, կոլ մը նշանակեց Հասան Ժաուատ, իսկ Թահա Հութ նշանակեց 4-րդ կոլը:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ 100-ամեակի տարազով դաշտ ներկայացաւ, շատ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ, եւ 11 մարզիկներ պայքարեցան 90 վայրկեան` ձեռք ձգելով 3 կէտեր:
Շաբաթ օրուան մրցումներուն, Սապիլ 3-2 արդիւնքով յաղթած էր Արզին, մինչ Նուժում 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Զամալեքին:
Երէկ Անդրանիկ 5-1 արդիւնքով յաղթեց Ն. Լիմիթց խումբին, իսկ Լիբանանեան բանակը` 5-2 Տինամօ Պէյրութին:


