Ուրբաթ գիշեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլասի աղջիկները 69-41 արդիւնքով շատ հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեցին Չեմփսի դէմ:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները ամէն գետնի վրայ աւելի լաւ էին Չեմփսէն: 47 ռիպաունտ ընդդէմ 26-ի, 8 սթիլ ընդդէմ 7-ի: Փաթիլ Ասատուրեան 25 կէտ նշանակեց եւ 4 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Փերլա Պու Նասր աւելցուց 19 կէտ` ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ (տապըլ տապըլ): Օսէան Թապպախ 8 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եաշա Զէյնուն եւ Տիմա Շահին նշանակեցին 7-ական կէտեր: Եաշա ձեռք ձգեց նաեւ 11 ռիպաունտ` կատարելով 5 էսիսթ: Փերլա Ղաթթաս (2 կէտ) եւ Ալիք Թապաքեան (1 կէտ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի մնացեալ կէտերը:
Յաջորդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռիատի (հինգշաբթի), որ առայժմ 1 պարտութիւն ունի, այդ ալ ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթի դէմ էր 3 կէտի տարբերութեամբ, անցեալ 26 դեկտեմբերին:


