Սպանիոյ գերբաժակի կիսաւարտականին դուրս ձգելէ ետք, Ռէալ Մատրիտ շաբաթ մը ետք, նոյն մրցակից Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ մրցումին նոյն ձեւի մրցումէ մը ետք այս անգամ ինք դուրս մնաց:
Արդարեւ, Սպանիոյ բաժակի 1/16-րդ աւարտականի մրցումներու ծիրին մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ 2-2 արդիւնքով աւարտելէ ետք Ռէալ Մատրիտի հետ 90 վայրկեանները, կրցաւ երկարաձգման 2 կոլեր նշանակել շնորհիւ Անթուան Կրիզմանի ու Ռոտրիկօ Ռիքելմէի եւ դուրս ձգել Ռէալ Մատրիտը:
Այլ մրցումի մը, Պարսելոնա անակնկալ կոլ մը ստանալէ ետք Ունիոնիսթա խումբին դէմ մրցումին, 3 կոլեր նշանակեց շնորհիւ Ֆերան Թորեսի, Ալեխանտրօ Պալտէի եւ Ժիւլ Քունտէի:
Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 21-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումներ տեղի պիտի ունենան այսօր, վաղը եւ երկուշաբթի հետեւեալ յայտագիրով.
ԱՅՍՕՐ
Արսենալ – Քրիսթըլ Փելես
Պրենթֆորտ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
ՎԱՂԸ
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Ուեսթ Հեմ
Պորնմաութ – Լիվըրփուլ
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Պրայթըն – Վուլվզ
Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 18-րդ հանգրուանին գծով, այսօր ժամը 19:30-ին, 4-րդ դիրքը գրաւող Լայփցիկ պիտի հիւրընկալէ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզընը, որ 17 մրցումներու ընթացքին միայն 3 հաւասարութիւն արձանագրած է 14 յաղթանակի կողքին:
Վաղը Պայերն Միւնիխ պիտի հիւրընկալէ Վերտըր Պրեմընը:
Ստորեւ յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ
Քէօլն – Տորթմունտ
Ֆրայպուրկ – Հոֆենհայմ
Պոխում – Շթութկարթ
Տարմշթատ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Հայտընհայմ – Վոլֆսպուրկ
Լայփցիկ – Պայեր Լեւերքուզըն
ՎԱՂԸ
Պայերն Միւնիխ – Վերտըր Պրեմըն
Մէօնշընկլատպախ – Աուկզպուրկ


