ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալաա Մուսայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները: Պու Սաապ ընդգծեց պատերազմը կասեցնելու նպատակով դիւանագիտական ճիգերը շարունակելու կարեւորութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաթարցի իր պաշտօնակիցին` շէյխ Խալիֆա պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ: Քննարկուեցան ապահովական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ Եարզէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սլիմի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյն:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Լիբանանի 20 առ հարիւրը կանաչապատ է, եւ պէտք է պահպանել այդ տարածքը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն հանդիպումներ ունեցաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին վերաբերող հարցերն ու բանակին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներուն ցուցաբերած մնայուն զօրակցութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Ժաշի յայտնեց, որ Կազայի դէմ բռնարարքները ապարդիւն դուրս պիտի գան, ինչպէս նաեւ պիտի սպառեն իսրայէլեան բանակին ուժը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղայյաս Եազպեք յայտնեց, որ առանց հանրապետութեան նախագահի կարելի չէ Լիբանանը կառավարել` աւելցնելով, որ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած երեք օրէնքներու դէմ կառավարութեան մերժողական կեցուածքը հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն դէմ գործուած ոտնձգութիւն է:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Մահմուտ Քումաթիի: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ներկաները հաստատեցին, որ շրջանին դէմ ամերիկեան-սիոնական բռնարարքներուն դիմակայումը պիտի շարունակուի: Այս շրջագիծին մէջ անոնք ողջունեցին Դիմադրութեան մարտիկներն ու բարձր գնահատեցին Եմէնի քաջութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ հաստատեց, որ միջազգային որոշումին հակակշիռը ունեցող պետութիւնները պէտք է պարտադրեն Իսրայէլին վերջ տալու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի խախտումին եւ կասեցնելու հարաւային Լիբանանի դէմ իր գործած ամէնօրեայ բռնարարքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց երեսփոխաններ Մըլհեմ Ռիաշին եւ Մըլհեմ Թոքը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:


