Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Շարունակուող Պատերազմի Վերջին Գնահատականներուն Համաձայն, Համասի Հետ Պատերազմը Կրնայ Մինչեւ 2025 Տեւել»

January 18, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յայտնած է. «Շարունակուող պատերազմի վերջին գնահատականներուն համաձայն, Համասի հետ պատերազմը կրնայ մինչեւ 2025 թուական տեւել»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ «Բարեկարգման ենթակայ Պաղեստինեան իշխանութիւն մը պէտք է գոյութիւն ունենայ»` նշելով. «Առանց պաղեստինեան պետութեան ճանաչման համարկում պիտի չըլլայ»:

«Գոյութիւն ունին արաբական եւ իսլամական պետութիւններ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ զայն ճանչնալու», ըսաւ ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Իրանեան հիւլէական համաձայնագիրին վերջ տալը մեծ սխալ մըն էր, եւ մենք այժմ այդ հարցով կացութեան մը մէջ ենք, ուր չէինք ուզեր ըլլալ»:

«Իրան շրջանին մէջ իր գործընկերներուն հետ մեկուսացուած է, եւ գոյութիւն ունին կարեւոր եւ ողջմիտ որոշումներ, որոնք կարող են նոր տեսլական իրագործել», ըսաւ ան:

Պլինքըն Տաւոսի մէջ «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ ընդունեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Պայտընի վարչակազմի Կազայի մէջ պատերազմի կառավարման նկատմամբ գանգատներ գոյութիւն ունին:

«Նախարարութեան մէջ ունինք շարք մը անձեր, որոնք հոկտեմբերէն ի վեր հարցականներ ու մտավախութիւններ կ՛արծարծեն եւ կը քննադատեն Իսրայէլի ու մեր վարած քաղաքականութիւնը: Ունինք ընդդիմութեան միջոց մը, որ նախարարութեան մէջ ոեւէ մէկուն կ՛արտօնէ իր մտավախութիւնները արծարծել: Շարք մը նման արծարծումներ ունէինք: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կարդացի», աւելցուց Պլինքըն:

Պլինքըն նաեւ յայտնեց. «Պատերազմին Միջին Արեւելքի բոլոր կողմեր տարածման մեծ ու իրատեսական վտանգներ գոյութիւն ունին»:

«Սի.Էն.Էն.» նախապէս հաղորդած էր, որ Պայտընի վարչակազմին մէջ պաշտօնեաներու մօտ Կազայի մէջ իսրայէլեան պատերազմին առնչութեամբ վարչակազմի քաղաքականութեան նկատմամբ զայրոյթ գոյութիւն ունի, մասնաւորաբար մարդկային կորուստներու աճին լոյսին տակ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն առնուազն մէկ պաշտօնատար հրապարակաւ հրաժարած էր` իբրեւ բողոք այդ իրողութեան դէմ:

Միացեալ Նահանգներու անվտանգութեան խորհուրդը, պատասխանելով «Ժազիրա»-ի հարցումին, յայտնեց. «Մենք պիտի շարունակենք ամէն ջանք թափել, որպէսզի պատանդները ազատ արձակուին ու վերամիաւորուին իրենց ընտանիքներուն հետ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան «Սի.Էն.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ «Ճօ Պայտընի եւ Սպիտակ տան Իսրայէլի մէջ Նեթանիահուի նման աւազակներու հետ լիարժէք համագործակցութիւնը շրջանի անապահովութեան հիմքն է»:

Ան նաեւ ըսած է, որ Իրան կ՛ուզէ, որ Միացեալ Նահանգներ «դադրեցնեն Կազայի մէջ պատերազմը» եւ ընդգծած, որ Կարմիր ծովու անվտանգութիւնը Իրանի համար կարեւոր է:

Նշենք, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երեքշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ քաթարական-ֆրանսական միջնորդութիւնը յաջողած է դեղորայքի եւ օժանդակութիւններու Կազա մուտք գործելուն շուրջ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնել:

Համաձայնութիւնը կը ներառէ նաեւ Կազայի մէջ քաղաքայիններու օժանդակութիւններու յանձնման դիմաց Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներուն դեղորայքի յանձնումը:

Կը նախատեսուէր, որ համաձայնութիւնը երէկ գործադրուէր:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Պատուիրակութիւնը Այս Շաբաթ Պիտի Այցելէ Ռուսիա` Քննարկելու Համար Կազային Հանգոյցը

Յաջորդը

«Իրանի Կողմէ Մեր Երկրի Տարածքին Հարուածը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ» Կ՛ըսէ Փաքիստան

RelatedPosts

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին  Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է
Միջազգային

Փութին Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Փեքին Եռակողմ Հանդիպում Մը Առաջարկած Է

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.