Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Կրանթ Շափզ յայտնեց, որ իր երկիրը «պիտի սպասէ եւ տեսնէ», եթէ միջազգային նաւարկումի պաշտպանման համար Եմէնի մէջ հուսիներուն դէմ յաւելեալ հարուածներու կարիքը կայ:
«Մտադիր չենք Եմէն երթալ կամ որեւէ այդպիսի բան ընել, սակայն պարզապէս կ՛ուզենք Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսիներուն յղել շատ յստակ ու աներկբայելի պատգամ մը` չսպառնալու նաւարկումի անվտանգութեան, եւ թէ Կարմիր ծովուն մէջ անոնց վարմունքը բացարձակապէս անընդունելի է», նշեց Շափզ:
«Այժմ մեծ զգուշութեամբ պիտի դիտենք եւ հետեւինք կացութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սպասենք եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, որովհետեւ չենք ուզեր Կարմիր ծովուն մէջ արարքի մը մասնակից դառնալ, սակայն ի վերջոյ նաւարկումի ազատութիւնը միջազգային իրաւունք է»:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը նաեւ երէկ «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Իրանին յղեցինք շատ յստակ պատգամ մը, թէ միջազգային նաւարկումին սպառնալը անընդունելի է»:
«Իրանի թեւերը կը գործակցին Կարմիր ծովուն եւ Միջերկրական ծովուն մէջ տագնապներ ստեղծելու համար», ըսաւ նախարարը` աւելցնելով, որ միջազգային ծովային առեւտուրի 90 առ հարիւրը ահաբեկչութեան թիրախի վերածուած է:
Ան յայտնեց, որ հիւլէական զէնք ստանալու Իրանի ջանքը վտանգ կը ներկայացնէ:
Շափզ ըսաւ, որ պետութիւններու ծիրէն դուրս եղող միլիսներն ու դերակատարները կը սպառնան համաշխարհային խաղաղութեան, իսկ միջազգային զինարշաւը մեծ վտանգներու մասին կ՛ահազանգէ` աւելցնելով, որ աշխարհը դէպի աւելի վտանգաւոր փուլ կ՛ուղղուի:
Խօսելով Ուքրանիոյ մասին` Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը անսահման աջակցութիւն տրամադրած է Քիեւին` ամրապնդելու համար Ռուսիոյ դիմաց անոր կարողականութիւնը` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այլեւս հիւսիսային քորէական հրթիռներ եւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր կ՛օգտագործէ:
«Փութին սխալ պիտի ըլլայ, եթէ կարծէ, թէ Բրիտանիան Միջին Արեւելքի մէջ պիտի ընկղմի», ընդգծեց Շափզ:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն կիրակի օր յայտնած էր, որ Բրիտանիան պատրաստ է հուսիներուն դէմ դարձեալ քայլերու ձեռնարկելու, եթէ շարունակեն զինուորական ու առեւտրական նաւերուն դէմ իրենց յարձակումները:
Ան Իրանը ամբաստանեց այդ յարձակումներուն մէջ չափազանց չարամիտ դերակատարութեան յանցանքով:
Յիշեցնենք, որ ամերիկա-բրիտանական ուժերը ուրբաթ, 12 յունուարին տասնեակներով յարձակումներ գործեցին Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի, Հտէյտա, Թաազ, Հաժէ եւ Սաատա նահանգներուն մէջ հուսիներուն պատկանող զինուորական դիրքերու վրայ:
Բրիտանական ծովուժին ղեկավարած «Եու. Քէյ. Էմ. Թի. Օ.» գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Ատենի ծովափին հարաւ արեւելքը հրթիռ մը հարուածած է նաւ մը:
Եմէնեան զինուորական աղբիւր մը իր կարգին «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Հուսիները կարմիր ծովուն մէջ հարուածեցին նաւ մը, որ Իսրայէլ կ՛ուղղուէր»` աւելցնելով, որ նաւը թիրախաւորուած է, որովհետեւ անտեսած է զգուշացումները:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Հուսիները թեւաւոր հրթիռ մը արձակելով հարուածեցին Մարշալ կղզիներու դրօշը բարձրացուցած ամերիկեան նաւ մը»:


