Հարաւային Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումները նոյն կշռոյթով` բուռն թափով շարունակուեցան նաեւ անցեալ շաբաթավերջին:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Համամեսի բարձունքն ու Մերժահիունի հովիտը, Մէյսէլ Ժապալը, Եարինը, Խիամը, Պայեատի հովիտը, Քֆարքիլան, Ռաշայա Ֆըխխարը, Քֆարհամամը, Հուլան, Խըլլաթ Սաքիան, Նաքուրան, Պէյթ Լիֆը, Մըրուահինը, Ալմա Շաապը, Այթա Շաապը, Լապպունէն, Այթարունը, Տհայրան, Ժըպպայնը, Թէյր Հարֆան, Ապպասիէն, Մհայպիպը, Կանան, Սըտտիքինը, Ժապալ Սաֆիի շրջակայքը, Մլիխն ու Ժեզզինի կարգ մը շրջանները:
Իսրայէլեան ուժեր շարունակեցին հարաւային Լիբանանի շրջանները թիրախ դարձնել ֆոսֆորային ռումբերով:
Հըզպալլայի մարտիկները համապատասխան հրթիռով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ասի, Պըրքեթ Ռիշա եւ Պրանեթ դիրքերը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ:
Դիմադրութիւնը թիրախ դարձուց նաեւ Հաունինի բերդն ու Թայհաթ բարձունքը` ուղղակի հարուած հասցնելով այդ դիրքերուն վրայ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումներուն: Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծած են Շթուլա բնակեցման վայրը եւ վնասներ պատճառած քաղաքային բնակութեան շէնքի մը` իբրեւ պատասխան Եարինի ռմբակոծումին:
Դիմադրութիւնը համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեց նաեւ Ռուէյսեթ Ալամ դիրքը, ինչպէս նաեւ Մթըլլէի զինուորական դիրքը եւ քանդեց հոն գտնուող «Մերքաւա» տիպի հրասայլ մը:
Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին Խըրպեթ Մաայեր դիրքն ու հոն գտնուող զինուորական սարքերը:
Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Մարժ դիրքը` արձանագրելով ուղղակի հարուածներ:
Աւելի ուշ, իսրայէլեան Քֆար Եուվալ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան զինուորական ջոկատ մը հրթիռարձակումի ենթարկուեցաւ, իսկ իսրայէլեան Հատպ Եարուն դիրքին վրայ գտնուող զինուորական խմբաւորումները ռմբակոծումի ենթարկուեցան:


