Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան յատուկ աղբիւրներուն համաձայն, Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակը յունուարի աւարտին պիտի գումարէ ժողով մը, որմէ ետք` փետրուարի սկիզբը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիան պիտի այցելէ Պէյրութ` լիբանանցի ղեկավարներուն ներկայացնելու համար հնգեակին առաջադրանքները:
Ֆրանսական դեսպանատան աղբիւրները հաստատեցին, որ հնգեակը պիտի նախընտրէ նախագահական ընտրութեան համար նկատի ունենալ երրորդ եւ բարեկարգչական թեկնածուն, ինչպէս նաեւ կազմել կառավարութիւն մը, որ մշակէ բարեկարգումի ծրագիր մը:
Այլ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի մէջ այս շաբթուան ընթացքին պիտի կատարուին ներքին ճիգեր, որոնք պիտի համաձայնեցուին արտաքին ջանքերուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան առանցքը անջատել հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ տիրող պատերազմական առանցքէն:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ցարդ կայ նախագահական մէկ թեկնածու, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն է: «Կա՛մ այն է, որ այլ թեկնածուներ չկան, կա՛մ ալ չեն փափաքիր իրենց թեկնածութիւնը պահել», ըսաւ Պըրրի` աւելցնելով, որ եթէ բոլորը համաձայն են Ֆրենժիէի թեկնածութեան, ապա հրաւիրեմ խորհրդարանական նիստ մը, եւ ընտրենք Ֆրենժիէն:
Պըրրի վերահաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ինք ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ունի, որովհետեւ լիբանանցի գործընկերները ներքին լիբանանեան լուծում չեն փափաքիր, այլ` արտաքին:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են ներկայ գտնուելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան իրերայաջորդ խորհրդարանական նիստերու, պայմանով որ իւրաքանչիւր երեսփոխան քուէարկէ իր ազատ կամքով: Ան շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստը պէտք էր գումարուէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահական նստաշրջանի աւարտէն երկու ամիս առաջ, սակայն ինչպէս միշտ, Լիբանանի մէջ միշտ ուշ ենք: «Այս պարագային սակայն, նախագահական ընտրութիւնը լաւ է կատարել ուշ, քան` երբեք», ըսաւ Ժահժահ:
Իր կարգին, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին շեշտեց, որ անընդունելի է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն առնչել Կազայի դէմ պատերազմի կասեցման:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց գործադրելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` ընդգծելով, որ իրենց համար սահմանազատման որեւէ քայլ մերժելի է հանրապետութեան նախագահի բացակայութեան:
Այլ գետնի վրայ, Խաղաղապահ գործողութիւններու տնօրինման հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ժան Փիեռ Լաքրուա աւարտելէ ետք Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կոչ ուղղեց զինադուլ հաստատելու, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին յանձնառու մնալու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ քաղաքական եւ դիւանագիտական մնայուն լուծման:


