Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա Եմէնի մէջ հուսիներու դիրքեր հարուածեցին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ հրամայած է օդային հարուածներ հասցնել` «իբրեւ ուղղակի հակադարձութիւն Կարմիր ծովուն մէջ միջազգային նաւերու վրայ հուսիներու աննախադէպ յարձակումներուն»:
«Այսօր, իմ թելադրանքովս, ամերիկեան ուժեր, Բրիտանիոյ հետ եւ Աւստրալիոյ, Պահրէյնի, Քանատայի եւ Նետերլանտներու աջակցութեամբ յաջող կերպով թիրախաւորեցին Եմէնի մէջ ըմբոստ հուսիներու կողմէ աշխարհի ամէնէն կենսական ծովային ուղիներէն մէկուն մէջ նաւարկումի ազատութիւնը վտանգելու համար օգտագործուող շարք մը թիրախներ», Սպիտակ տան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ըսաւ Պայտըն:
Ան աւելցուց, որ պիտի չտատամսի յաւելեալ քայլերու ձեռնարկում հրամայելու` պաշտպանելու համար «մեր ժողովուրդն ու միջազգային առեւտուրի ազատ հոսքը»:
Ամերիկեան օդուժի բանբեր Ալեքս Քրինքուիչ յայտնեց, որ ամերիկեան եւ դաշնակից ուժերը աւելի քան 100 թիրախահար «տարատեսակ» զինամթերքներով հուսիներու 16 դիրքերու մէջ աւելի քան 60 թիրախներ հարուածած են, ներառեալ հրամանատարական ու ղեկավարման կեդրոններ, զինապահեստանոցներ, հրթիռարձակման համակարգեր, արտադրութեան վայրեր եւ օդային պաշտպանութեան ռատարի համակարգեր:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց. «Եմէնի մէջ հուսիներու դէմ հարուածներուն նպատակը Կարմիր ծովուն մէջ անոնց յարձակումները շարունակելու կարողութիւնը սահմանափակելն է»:
Եմէնեան զինեալ ուժերը յայտարարեցին, որ ամերիկեան եւ բրիտանական ուժերը «Կազայի մէջ իսրայէլեան ոճիրի շարունակման իրենց աջակցութեան ծիրին մէջ» Եմէնի վրայ գործած են 73 յարձակում, որոնց հետեւանքով արձանագրուած է 5 զոհ եւ 6 վիրաւոր:
Հուսիներու Անսարուլլա շարժումի ղեկավարներէն Մոհամետ Ալի Հուսի շեշտեց. «Ամերիկա-բրիտանական բարբարոս եւ ահաբեկչական յարձակումները, դիտաւորեալ եւ անարդարանալի արարքներ են, ինչպէս նաեւ վայրագ հոգեբանութեան արտացոլացում են»:
«Այս հարուածներով Ամերիկան եւ Բրիտանիան անգամ մը եւս հաստատեցին, որ Կազայի վրայ յարձակումը կը ղեկավարեն, Եմէնի դէմ յարձակումը կը ղեկավարեն, եւ կը պաշտպանեն իսրայէլեան ահաբեկչութիւնը», ըսաւ ան:
Անսարուլլա շարժումի բանբեր Մոհամետ Ապտելսալամ իր կարգին յայտնեց. «Կը սխալին, եթէ կը կարծեն, որ Եմէնը Պաղեստինին ու Կազային աջակցելէ ետ պիտի կանգնեցնեն, որովհետեւ Եմէնը կը շարունակէ մնալ իր կրօնական ու մարդասիրական կեցուածքին վրայ, եւ պիտի շարունակէ իր ամբողջ կարելիութիւններով կանգնիլ Կազայի կողքին, իսկ այս յարձակումը զայն միայն աւելի տոկուն ու ուժեղ պիտի դարձնէ»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգութեամբ կը հետեւի Կարմիր ծովու շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն եւ ընդհանուր առմամբ շրջանային անվտանգութեան վրայ անոնց արձագանգներուն: Ան ընդգծեց, որ Յորդանան շրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կը նկատէ փոխկապակցուած, եւ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը` անոնց մեծագոյն սպառնալիքը:
Բրիտանիոյ զինեալ ուժերու նախարարը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Մեր եւ ամերիկացիներուն անցեալ գիշերուան քայլը ինքնապաշտպանական էր»` նշելով. «Պիտի նայինք, եթէ հուսիներուն յարձակումները պիտի դադրին, եւ յաւելեալ քայլերու որդեգրումը կը սերտենք»:
«Մեր հակադարձութիւնը անհրաժեշտ ու պատշաճ էր, եւ Միջին Արեւելքի մէջ մագլցում չենք ուզեր տեսնել», ընդգծեց ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Կամայական յարձակումները կը սրեն շրջանին մէջ անապահովութիւնն ու անկայունութիւնը»: Ան Ուաշինկթընն ու Լոնտոնը մեղադրեց աշխարհի ուշադրութիւնը այս ձեւով Կազայէն շեղելու փորձերու եւ «սիոնական վարչակարգին աջակցութիւնը ընդլայնելու» յանցանքով:
Քենաանի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` պատասխանատու արձագանգներով եւ գործողութիւններով կանխարգիլելու շրջանին մէջ պատերազմի, անկայունութեան եւ անապահովութեան տարածումը:
Սէուտական Արաբիան խոր մտահոգութիւն յայտնեց Կարմիր ծովուն մէջ զինուորական գործողութիւններուն նկատմամբ եւ կոչ ուղղեց` ինքնազսպումի եւ մագլցումէ խուսափելու, եւ շեշտեց Կարմիր ծովու անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս դատապարտեց ամերիկա-բրիտանական ռմբակոծումը, եւ կոչ ուղղեց` մագլցումն ու զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա դատապարտեց ամերիկա-բրիտանական յարձակումները` զանոնք նկատելով «մագլցում» եւ «աւերիչ նպատակներ» ունեցող:
Ռուսիան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստ պահանջեց` քննարկելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ կողմէ Եմէնի վրայ կատարուած յարձակումը:
Հըզպալլան խստօրէն դատապարտեց «եղբայրական Եմէնի, անոր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան դէմ, եւ անոր ազատ ու պատուաւոր ժողովուրդին դէմ ամերիկա-բրիտանական բացայայտ նախայարձակումը» եւ զայն նկատեց Կազայի եւ շրջանին մէջ Իսրայէլի ոճիրներուն Միացեալ Նահանգներու ամբողջական մեղսակցութեան յաւելեալ փաստ:
Միւս կողմէ, տասնեակ գործիչներ հաւաքուեցան Նիւ Եորքի Թայմզ հրապարակին վրայ եւ Սպիտակ տան մօտ` բողոքելով Եմէնի վրայ կատարուած յարձակումներուն դէմ:
Սպիտակ տան մօտ ցուցարարները ծածանեցին պաղեստինեան դրօշը եւ բարձրացուցին «Ազատել Պաղեստինը» եւ «Դադրեցնել Եմէնի ռմբակոծումը» կարգախօսներով պաստառներ:


