Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէյվիտ Լամի. «Լիբանան Կը Գտնուիմ` Հանդարտեցնելու Համար Կացութիւնը»

January 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ ընդդիմութեան ստուերային կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամին` ներկայութեամբ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի սահմանային մագլցումներն ու Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Լամի հաստատեց, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ փոխանցելու համար յստակ պատգամ մը, թէ իրենք չեն փափաքիր Կազայի պատերազմին դէպի Լիբանան ընդարձակումը վկայել, եւ այդ պատճառով ալ քաղաքական լուծում կը յանձնարարեն, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղեն գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւն ու մագլցումներուն փոխարէն հանդարտեցնելու տիրող կացութիւնը:

Լամի նկատել տուաւ, որ ինք ուրախ է, որ իր այցելութիւնը կը յաջորդէ ամերիկացի պատուիրակին այցելութեան, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ զինուորական ներկայ տագնապը լուծուի` Կազայի մէջ մնայուն զինադուլով մը:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն յստակ եւ ամբողջական առաջարկով մը չէ ներկայացած Պէյրութ, այլ` ներկայացուցած է այնպիսի առաջարկ մը, որուն համաձայն` Կազայի մէջ զինուորական գործողութեան դադրեցումը աստիճանաբար պիտի ազդէ հարաւային Լիբանանի մէջ զինադուլի հաստատումին:

Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ Հոքշթայն չէ ակնարկած հարաւային Լիթանիէն Հըզպալլայի նահանջելուն, այլ` ընդգծած է, թէ Լիբանան պատրաստ է թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու, հետեւաբար պէտք է նաեւ պարտադրել, որ Իսրայէլ իր կարգին այդ բանաձեւը գործադրէ:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետարանին մէջ Լամի հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ռամի Մուրթատա եւ վարչապետի խորհրդական Զիատ Միքաթի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին` գործադրելու համար թիւ 1701 միջազգային բանաձեւը:

Պու Հապիպի Մօտ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Տէյվիտ Լամին, որ յայտնեց, թէ քննարկած են հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ տիրող մտահոգիչ կացութիւնը` շեշտելով, որ իրենք չեն փափաքիր հարաւային Լիբանանի մէջ յաւելեալ մագլցումներ կամ ապահովական կացութեան վատթարացում վկայել, այլ` կը փափաքին փոխադրուիլ դէպի Կազայի մէջ մնայուն զինադուլի հաստատման փուլ:

Լամի յոյս յայտնեց, որ դիւանագիտական ճիգերը արդիւնաւորուին քաղաքական լուծման յանգելով, ինչպէս նաեւ կացութիւնը հանդարտեցնելով:

«Լիբանան կը գտնուիմ` հանդարտեցնելու համար կացութիւնը», շեշտեց Լամի:

ՆՇԵՆՔ, որ Լամի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի զարգացումները:

 

Նախորդը

Կառավարութեան Նիստ. Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները Կախեալ Են Սլիմի Պատասխանէն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Հետ Սահմանին Վրայ Գտնուող Մարգարայի Անցակէտը Նորոգումէն Ետք Պատրաստ Է Շահագործման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 20, 2026
Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.