Հըզպալլա երէկ խստիւ դատապարտեց Եմէնի եւ եմէնցի ժողովուրդին դէմ գործուած ամերիկեւբրիտանական բռնարարքները` ընդգծելով, որ Եմէն իր ամբողջ զօրութեամբ` քաջաբար եւ պատասխանատուութեամբ նեցուկ կանգնեցաւ պաղեստինցիներուն եւ անոնց խիզախ դիմադրութեան, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ քանդելու համար պաղեստինցիներուն դէմ պարտադրուած շրջափակումի օղակը:
«Ամերիկեան բռնարարքները դարձեալ կը փաստեն, որ Միացեալ Նահանգներ մեղսակից են Կազայի եւ ամբողջ շրջանին մէջ Իսրայէլի գործած սպանդներուն եւ ջարդերուն, եւ անոնք են, որ կը սատարեն Իսրայէլին ու կը փորձեն կոյր ակնարկով դիտել պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլացիներուն գործած ջարդերը», կը նշէ Հըզպալլայի հաղորդագրութիւնը:
Հըզպալլա իր հաղորդագրութեամբ ողջունեց Եմէնն ու անոր ազգային բանակը` հաստատելով, որ ամերիկեան այդ յարձակումը պիտի չտկարացնէ եմէնցիներուն կամքն ու կորովը, այլ` պիտի բարձրացնէ ու ամրապնդէ զանոնք, որպէսզի ան շարունակէ ինքզինք պաշտպանել, ինչպէս նաեւ շարունակէ պաղեստինցիներուն օժանդակել, որպէսզի կարելի ըլլայ Պաղեստինեան արդար դատին յաղթանակը ապահովել:


