Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երրորդ Ռազմաճակատի Քաղաքական Երանգները

January 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ օդուժի կողմէ Եմէնի հուսիներու ռազմական յենակէտերու դէմ իրականացուած յարձակումներով նոր ռազմաճակատ բացուեցաւ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Կարմիր ծովուն վրայ Եմէնի հուսիները դիմած էին գրաւման կամ հարուածման գործողութիւններու` դէպի Իսրայէլ եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեւորուող նաւերու:

Նաւերու ճամբան փակելու այս գործողութիւնները սաստկացած էին Կազայի պատերազմին` երրորդ տարածքներու վրայ պատերազմական գործողութիւններու ռազմադաշտի ընդլայնումով: Նկատենք անմիջապէս, որ բռնկուած շրջաններուն վրայ ամէնէն ազդեցիկ գործօնը Իրանն է: Թէ՛ Համասի, թէ՛ Հըզպալլայի եւ թէ՛ հուսիներու պարագային պարզ է իրանեան ազդեցութիւնը, եւ այդ առումով հուսիական յենակէտերու թիրախաւորումը  կը տեղաւորուի  նոյն ազդեցութեան տակ գործող ուժերու ագուցուած շղթայական տրամաբանութեան մէջ:

Տարբերութիւնը այս պարագային այն է, որ Իսրայէլ ինք կը պատերազմի Համասի եւ Հըզպալլայի դէմ, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան են, որ Իսրայէլի դէմ սպառնալիք նկատուող հուսիական ուժերուն դէմ գրոհ կը սանձազերծեն: Հուսիները փաստօրէն իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Իսրայէլ – արտաքին աշխարհ կարեւորագոյն ճանպարհներէն մէկը: Հիմա այդ վերահսկողական արգելանքն է, որ կը փորձեն չէզոքացնել հաւաքական Արեւմուտքի երկու կարեւորագոյն դաշնակիցները:

Պէտք չէ մոռնալ քաղաքական երկու իրադարձութիւն: Հուսիները նախ ռազմական թատերաբեմ բարձրացած են Սէուտական Արաբիան հարուածելու համար: Քաղաքական այդ պահը կը յատկանշուէր Թեհրան-Ռիատ լարուածութեան բարձրագոյն աստիճանաչափերու գրանցումով: Քաղաքական հանգամանքներու փոփոխութեամբ, Չինաստանի մէջ մեկնարկեց Ռիատ-Թեհրան դիւանագիտական յարաբերութեան հաստատման որոշումի գործադրութիւնը: Յաջորդեց հուսիներու եւ Ռիատի համաձայնութիւնը պատերազմին վերջ տալու: Հիմա հուսիները Սէուտական Արաբիան չէ, որ կը հարուածեն, այլ կ՛արգելակեն դէպի Իսրայէլ ապրանքաշրջանառութիւնը:

Համոզիչ կը  թուի այն, որ կը գործեն խաղի կանոններ: Այլապէս Թեհրան իր ուժային հովանաւորութեան տակ գտնուող այս հատուածին վրայ իրականացուած յարձակումը պիտի նկատէր իր դէմ յայտարարուած պատերազմ: Յայտարարողական մակարդակով ընկալելի էր, որ համահունչ կոչեր եւ մեղադրանքներ պիտի կատարէին Չինաստանը, Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Իրանը:

Իսրայէլը իրողապէս հիմա կը դիմագրաւէ երեք ռազմաճակատ: Երրորդին ուղղութեամբ, իրեն  փոխարէն ներգրաւուած են  իր դաշնակիցները: Դժուար է եզրակացնելը, թէ այս գործողութիւններով շարքէն դուրս կու գայ կամ ընդհանրապէս կը չէզոքացուի հուսիական գործօնը: Խնդրոյ առարկայ այդ անցքը պիտի շարունակէ պահել ռազմածովու իր հանգամանքը: Հուսիներու յայտարարութիւններով Արեւմուտքի դաշնակիցները նման գործողութիւն իրականացնելով սատարած կ՛ըլլան դէպի Իսրայէլ նաւագնացութեան կասեցման:

Անմիջական արդիւնքը այս բոլորին այն է, որ Միջին Արեւելքի մէջ կը ստեղծուի նոր թէժ կէտ մը: Իրադրութիւնները այնպէս կ՛ընթանան, որ ոչ թէ ամբողջ տարածաշրջանն է, որ կը բռնկի եւ կը ներքաշուի լայնածաւալ պատերազմի մէջ, այլ կը ստեղծուին բազմակէտային տեղայնացուած ռազմաճակատներ:

Մինչ Ցեղասպանութեան կամ ողջակիզումի ենթարկուած ըլլալու մենաշնորհը պահպանող Իսրայէլը միջազգային արդարադատութեան դատական ատեաններուն մէջ կը դատուի իբրեւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութիւն: Անկախ վճիռէն այս փաստի արձանագրումը ինքնին լրջագոյն նախադէպ է Իսրայէլի դէմ եւ ցեղասպանութեան զոհի միջազգային կարծրատիպի մը կազմաքանդումին համազօր արարք:

Հաւաքական Արեւմուտքը պաշտպանելով Իսրայէլը թոյլ կու տայ, որ Իսրայէլը դատուի իբրեւ ցեղասպան պետութիւն, անարձագանգ կը ձգէ Թել Աւիւի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականի պահանջը, ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի ուղղութեամբ քուէարկութեան նոր պատկերներ կը հրամցնէ, «երկու պետութիւն» բանաձեւը առաջ կը քշէ, հիմա ալ Իսրայէլի համար կենսաճանապարհ նկատուող ծովային անցքի նաւագնացութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր պայմաններու կ՛առաջնորդէ:

«Ա.»

Նախորդը

Զախարովա. «Հայաստանի Պաշտօնատարներու Յայտարարութիւնները Նոր Խնդիրներ Կը Բերեն Երկկողմանի Յարաբերութիւններուն Մէջ Եւ Վստահաբար Չեն Նպաստեր Շրջանային Խնդիրներու Լուծման»

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 140-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.