Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը պիտի նպաստէ Իրանի մեկուսացման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Գահիրէ կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն:
«Մէկ կողմէ, շրջանին մէջ համարկումի հոլովոյթներ նախաձեռնելը, անոնց մէջ Իսրայէլը ներգրաւելը, նաեւ անվտանգութեան յստակ երաշխիքներու ստեղծումը, միւս կողմէ` պաղեստինեան պետութեան հիմնադրման ուղիներու ձեւաւորումը Իրանը մեկուսացնելու եւ լուսանցք մղելու լաւագոյն ձեւերն են», ըսած է ան:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարին համաձայն, սակայն, այս պահուս Ուաշինկթընի գլխաւոր մտահոգութիւնները կը վերաբերին Այսրյորդանանի մէջ տիրող կացութեան:
«Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին երաշխիքներու ստեղծման ուղղութեամբ, որպէսզի այնտեղ պայթում տեղի չունենայ», նշած է Պլինքըն:


