Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Լայզա Ճոնսըն Հասաւ Պէյրութ

January 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած դեսպան Լայզա Ճոնսըն հասաւ Պէյրութ:

Այս առիթով ամերիկեան դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ճոնսըն նախապէս Նամիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր` աւելցնելով, որ ան ղեկավար պաշտօններ ստանձնած է նաեւ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի միջազգային գրասենեակին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Ուաշինկթըն:

Ճոնսըն յայտնեց, որ իրեն համար պատիւ էր վերադառնալ Լիբանան` ստանձնելու համար դեսպանի պաշտօնը, նկատել տալով, որ 2002-2004 ինք ամերիկեան դեսպանատան անձնակազմին հետ գործած է:

«Լիբանան դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի, եւ իրազեկ եմ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Միաժամանակ հմայուած եմ լիբանանցի ժողովուրդին աշխուժութեամբ, ինչպէս նաեւ վստահութիւն ունիմ Լիբանանի կարողութեան` յաջողութիւն արձանագրելու իմաստով», նշեց ան:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 16 մայիս 2023-ի իր նիստին ընթացքին որոշեց Ճոնսընը նշանակել Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:

Օրին Ճոնսըն ընդգծած էր, որ դեսպան նշանակուելու պարագային ինք պատրաստ է շարունակելու Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին օժանդակելու Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակութիւնը, որպէսզի ան շարունակէ պաշտպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, պայքարի ահաբեկչութեան դէմ եւ դիմադրէ այն սուտ հեքիաթին, որ Հըզպալլան ու անոր ապօրինի զէնքը անհրաժեշտ են պաշտպանելու համար Լիբանանը:

Ան շեշտած էր նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ նախանձախնդիր կը մնան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութիւնը պաշտպանելու` հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու համար:

Նախորդը

Հըզպալլա Դատապարտեց Եմէնի Դէմ Ամերիկեւբրիտանական Բռնարարքները

Յաջորդը

Կառավարութեան Նիստ. Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները Կախեալ Են Սլիմի Պատասխանէն

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.