Միացեալ Նահանգներու Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Լուիս Պոնոն վերջերս Երեւան այցելելէ եւ պաշտօնատարներու հետ հանդիպում ունենալէ ետք Ազրպէյճան չէ մեկնած:
Ազրպէյճանական «Մինվալ»-ը, յղում կատարելով հաւաստի աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ «մերժած են» ընդունիլ Պոնոն:
Ըստ աղբիւրին, պատճառը շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու վարած «անհասկնալի» քաղաքականութիւնն է:


