Պաքուն չի պատրաստուիր իր զօրքերը դուրս բերել պայմանական սահմանէն: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին տեղական պատկերասփիւռի կայաններուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Քանի մը գործընկերներ ինձմէ խնդրեցին, որ կողմերը դուրս բերեն իրենց զօրքերը: Ես հարցուցի, թէ զանոնք ո՞ւր տանինք: Անոնք ինծի ըսին, թէ ուրկէ՞ եկած են: Կ՛ըսեմ` Պաքուէն եկած ենք, Պաքո՞ւ վերադառնանք: Մենք այս տարածքներուն մէջ չենք եղած արդէն 30 տարի: Եթէ այս տարածքները սահման ըլլային, եւ Հայաստանը զայն իբրեւ սահման ճանչնար, ապա ատիկա պիտի նշէր: Սակայն ինք ատիկա սահման չէր նկատեր, կը կարծէր, որ իր սահմանը Աղտամի մէջ է: Հարցումիս ոչ ոք պատասխանեց: Ուստի մենք ոչ մէկ տեղ պիտի երթանք, ոչ մէկ քայլ պիտի շարժինք ո՛չ 2021 թուականի մայիսին, ո՛չ ալ 2022 թուականի սեպտեմբերին գրաւած դիրքերէն, որովհետեւ սահմանը պէտք է յստակացուի», ըսած է Ալիեւ:
«Այսօր բռնագրաւումի տակ գտնուող 8 գիւղերու հարցը, մշտապէս կը մնան մեր օրակարգին վրայ: Այդ հարցը կը քննարկուի նաեւ Հայաստանի վարչապետին հետ իմ հաղորդակցութիւններուս ընթացքին: Հարցը արծարծած եմ նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ «ոտքի վրայ» զրոյցի ընթացքին: Հարցը նաեւ սահմանազատման յանձնախումբերու օրակարգին վրայ է», ըսած է Ալիեւ` տեղեկացնելով, որ յանձնախումբերու յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է այս ամիս, «օրակարգին վրայ մէկ` Ղազախ-Թովուզ հատուածի սահմանազատման հարցն է»:
Ալիեւ նաեւ կրկին քննադատած է Ֆրանսան` նշելով, որ Հայաստանը զինելու փորձերը Պաքուն մշտապէս ճնշումի տակ պահելու նպատակ ունին: Անոր համաձայն, բոլոր այդ ջանքերը ուղղուած են ապագային «մեզ խաղաղ ապրիլ չարտօնելու եւ, ցաւօք սրտի, Ֆրանսան նաեւ այստեղ առաջին գիծի վրայ է»:
«Ֆրանսան այն երկիրն է, որ այսօր կը զինէ Հայաստանը, կը պատրաստէ անոր զինուորները եւ կը նախապատրաստէ հերթական պատերազմին: Ուստի, երբ կ՛ըսէի, որ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը կը նպաստէ Կովկասի մէջ լարուածութեան սրման, ես ճիշդ այդ նկատի ունէի:
«Հայաստանի մէջ կրնան անհիմն պատրանքներ յառաջանալ, որ օր մը նորէն մեզմէ կը խլեն Ղարաբաղը: Նմանատիպ գաղափարներ կը շրջանառուին հայ հասարակութեան մէջ, ներառեալ երկրի ղեկավարութեան շրջանակին մէջ: Չեմ բացառեր, որ այդ գաղափարները աստիճանաբար առաւել լայն տարածում կ՛ունենան: Ուստի մենք երբեք պէտք չէ հանգստանանք: Եթէ կը յիշէք, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք ես ըսի, որ պէտք է աւելի ուժեղ բանակ ստեղծենք, եւ մենք ատիկա ըրինք», ըսած է Ալիեւ:
«Մեզ կը մեղադրեն Հայաստանի վրայ յարձակելու մտադրութեան համար. ես այս մասին արդէն խօսած եմ, սակայն անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շատ անկեղծ ըսել, որ եթէ ուզէինք, կը մտնէինք ու մինչեւ վերջ կ՛երթայինք: Մեր դիմաց Ջերմուկ քաղաքն էր, մեր նախկին քաղաքը, որուն իսկական անունը Իսթիսու է: Ո՞վ պիտի կանգնեցնէր մեզ: Մենք նման մտադրութիւն չունէինք: Մեր նպատակը մեր սահմանները պաշտպանելն էր: Այնպիսի բարձունքներ պէտք է մեր ձեռքերու մէջ ունենայինք, որ մեր աչքերով տեսնէինք, թէ հայերը ի՛նչ կը ծրագրեն», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը:


