Օրեր շարունակ լռութենէ ետք, Պաքու 9 յունուարին հաստատած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ֆրանսացի գործարար ձերբակալուած է լրտեսութեան կասկածանքով: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլայեւան «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ ձերբակալուածը Մարթին Ռայանն է, որ չորս ամիսով նախնական կալանքի տակ է: Պաքուն այլ մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր:
Թէեւ ձերբակալութիւնը 4 դեկտեմբերին տեղի ունեցած է, ֆրանսական կողմը մինչեւ օրս պաշտօնապէս չէ արձագանգած:
Փարիզի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն սրած են` Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն ու Արցախի հայաթափումէն ետք:
26 դեկտեմբերին ալ Պաքուն արտաքսած էր երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ` պատճառաբանելով, որ անոնք զբաղած են ապօրինի գործունէութեամբ, որ «անհամատեղելի եղած է անոնց դիւանագիտական կարգավիճակին հետ»:
Թէ այդ դիւանագէտները ճիշդ որո՞նք էին, ի՞նչ պաշտօններ կը վարէին եւ ի՞նչ գործունէութեան համար արտաքսուած են, Պաքուն չէ բացայայտած:
Փարիզ իր կարգին Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներ վտարած էր` հակադարձելով Պաքուի քայլին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց կալանաւորումը` աւելցնելով, որ Պաքուի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան ներկայացուցիչները կրցած են երկու անգամ այցելել տղամարդուն:
«Մենք Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն յայտնած ենք, որ այս կալանաւորումը կը նկատենք կամայական եւ կը պահանջենք անյապաղ ազատ արձակել մեր հայրենակիցը», աւելցուցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ի պատասխան Պաքուն կոչ ուղղած է ֆրանսական կողմին դադրեցնելու միջամտութիւնը Ազրպէյճանի ներքին գործերուն: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ` մեկնաբանելով Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Ֆրանսայի քաղաքացիին կալանաւորման առնչութեամբ:
«Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պնդումները Ֆրանսայի քաղաքացիի անհիմն կալանաւորման վերաբերեալ որեւէ հիմք չունին: Այս յայտարարութիւնը իրականութեան խեղաթիւրում է, Ազրպէյճանի ներքին գործերուն եւ օրինական հետաքննութեան հոլովոյթին միջամտելու հերթական փորձ», ըսած է Հաճիզատէ:
Ըստ անոր, հակառակ այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաւոր բողոքագիր ուղարկած է Ֆրանսայի դեսպանատուն` նշուած անձի եւ Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակիցի համագործակցութեան հարցը ուսումնասիրելու նպատակով, ֆրանսական կողմը մերժած է որեւէ բացատրութիւն տալ եւ հետաքննութեան հետ համագործակցիլ:
«Այդ առնչութեամբ դեսպանատան այս երկու աշխատակիցները Ազրպէյճանի կողմէ յայտարարուած են անցանկալի անձեր: Մենք Ֆրանսական կողմին անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու միջամտութիւնը Ազրպէյճանի ներքին գործերուն եւ քննչական գործողութիւններուն», ըսած է Հաճիզատէ:



