Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Ծննդեան Ս. Պատարագին. «Աստուած Կը Կամենայ, Որ Մենք, Մեր Եկեղեցւոյ Աւանդին Համաձայն, Մեր Հաւատքը Ապրինք Մեր Հայրերուն Կուտակած Աւանդներով» Շեշտեց Շահէ Արք. Փանոսեան

January 9, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, շաբաթ, 6 յունուար 2024-ին Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը բացատրեց, որ Աստուածայայտնութիւն կը կոչենք այս առիթը, որովհետեւ աստուածութեան երեք դէմքերը Յիսուսի մկրտութեան ժամանակ միատեղ յայտնուեցան: Ան մէջբերում կատարեց Յովհաննու աւետարանի 6-րդ գլուխէն, ուր ըսուած է. «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կը հաւատան իրեն, չկորսուին, այլ յաւիտենական կեանք ունենան», եւ բացատրեց, որ այս քանի մը մտածումներուն մէջ ամփոփուած է ամբողջ Աստուածաշունչին միտք բանին: Առաջնորդը դիտել տուաւ, որ այս մտածումները նախ կը յայտնեն, թէ Աստուած սիրեց աշխարհը, այսինքն` երկրագունդը, տիեզերքը եւ մասնաւորաբար իր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը` մարդ արարածը. Աստուած սիրեց հակառակ այն իրողութեան, որ մարդը առաջին իսկ րոպէէն անհնազանդ գտնուեցաւ Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ եւ խորտակեց եդեմական դրախտին մէջ վայելած իր կեանքը, աւելցնելով, որ Աստուած սիրոյ իբրեւ արդիւնք` պատմութեան ընթացքին առիթով մը մարմնացաւ եւ յայտնուեցաւ աշխարհի մէջ, որպէսզի ամէն օր շարունակաբար մեր սրտերուն մէջ յայտնուի եւ մեզ կազդուրելով` մեր ուշադրութիւնը ուղղէ դէպի յաւիտենական կեանք, որմէ զրկուեցաւ նախամարդը իր մեղանչումին պատճառով:

Շարունակելով իր խօսքը` Շահէ արք. նկատել տուաւ, որ կ՛ապրինք տագնապներով յատկանշուող ժամանակաշրջան մը, աւելցնելով, որ ոչ մէկ ատեն մեր կեանքը այսքան ալեկոծ, դժուարին եւ յուսահատ պայմաններու մէջ գտնուած է: Այս բոլորին դիմաց վստահաբար բոլորս ալ երկինքէն յոյսի կը սպասենք եւ կ՛ակնկալենք, որ Աստուած իր հրաշքը իրականացնէ մեր կեանքին մէջ, սակայն շատ անգամ անզօր կը մնան մեր աղօթքները, որովհետեւ առանց Աստուծոյ հաւատքի կը ներկայանանք:

«Այսօր կեանքի մեր պայմաններուն մէջ զոհած ենք շատ մը նուիրական սկզբունքներ, որոնց վրայ կը յենի մեր համայնական ու հոգեւոր կեանքը, շեշտեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ կեանքի մէջ զԱստուած կարենալ ունենալու համար, մտքէն աւելի, հաւատքը անհրաժեշտ է բոլորիս:

Եզրափակելով իր խօսքը` Շահէ արք. ըսաւ, որ Աստուած կը կամենայ, որ մենք, մեր եկեղեցւոյ աւանդին համաձայն, մեր հաւատքը ապրինք մեր հայրերուն կուտակած աւանդներով, որոնք ներկայ պայմաններուն մէջ կրնան գործնական չթուիլ, սակայն այդ բոլորէն հեռանալը կը նշանակէ անջատուիլ ազգի ու մեր եկեղեցւոյ բազկերակէն:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէն ժամը 2:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Նախորդը

Հայկական Ս. Ծնունդին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Յաջորդը

Սուրբ Ծննդեան Պատարագին Արամ Ա. Կաթողիկոս Պատգամեց. «Դառնանք Քրիստոսի` Իբրեւ Անհատ Եւ Իբրեւ Ազգ, Եւ Հաւատքի Զօրութեամբ Ըսենք` «Եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս»

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.