Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ծնունդի Բացիկ. «Արի Արարատ Հուպ Տուր…»

January 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Այս տղաքը պատանեկան տարիներուն իմ հերոսներէս էին: Վերջապէս, իւրաքանչիւր պատանի-երիտասարդը կ՛ուզէ ունենալ հերոսներ, որոնք կու տան  ներշնչում` կեանքին մէջ մեծնալու ժամանակահատուածին: Արարատ 73-ի տղաքը այս իմաստով իմ հերոսներէս էին: Անոնք եթէ մէկ կողմէ հերոս էին իրենց ֆութպոլի խաղաոճի մեծ տաղանդին եւ կարողականութեան համար, բայց նաեւ աւելին էին: Անոնք ինծի համար դարձած էին հերոսներ, որոնք իմ պատանեկան տարիներուն սրսկեցին ազգայինի   եւ անոր հասկացողութեան գիտակցութիւնը,  բայց նոյնքան նաեւ այդ բոլորին նկատմամբ հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը հայուն, հայրենիքին եւ անոր մշակոյթին: Եթէ մէկ կողմէ կը քաջալերուէի, երբ Պէյրութ կու գային, բայց նաեւ առիթը ունեցայ իրենց մրցումներուն ներկայ ըլլալու Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ: Եւ հոն` ես ալ հայրենի ժողովուրդին հետ կը միանայի քաջալերական  բացագանչութիւններուն: «Արի Արարատ հուպ տուր»: Եւ այս տղաքը տարիներ շարունակ «հուպ» տուին: Եթէ «հուպ»-երուն կը յաջորդէին կոլերը, բայց իւրաքանչիւր կոլին հետ անոնք իմ կեանքիս մէջ կը դնէին եւ կ՛աւելցնէին նոր հունտ մը` ազգային ինքնութեան եւ անոր հպարտութեան ընդմէջէն:

Այս հերոս` «լեգենդար» տղոցմէ մի քանիները արդէն մեկնեցան իրենց երկրային կեանքէն: Բայց լսելի են տակաւին իմ-մեր քաջալերական բացագանչութիւնները: «Արի Արարատ հուպ տուր…»: Եթէ Արարատ 73-ի այս հերոս տղաքը, այսօր, «Հրազդան»-ի եւ այլ մարզադաշտերու մէջ չեն, բայց անոնք կը յիշեցնեն մեզի, թէ «հուպ» տալէ չեն դադրած… Բայց մանաւանդ կը յիշեցնեն, թէ մենք բոլորս իբրեւ հայ ժողովուրդ պէտք է «հուպ» տանք: «Հուպ» տանք մեր անհատական, ընտանեկան եւ ազգային ու հայրենի կեանքերուն մէջ նոր «կոլեր» նշանակելու համար: «Հուպ» տանք նոր ոստումի,  նոր կամքի եւ նոր յոյսի, իմա` նոր եւ նորոգուած «հուպ»-երու: «Հուպ»-եր, որոնք պիտի նորոգեն եւ վերանորոգեն, շինեն ու վերաշինեն մեզ: Նոր հայը…

Քրիստոսի ծնունդը կ՛իմաստաւորուի ճիշդ այս իրականութեան մէջէն: Յիսուս աշխարհ եկաւ «նոր կեանք»-ը պարգեւելու համար մարդկութեան եւ նաեւ հայուն: Ան աշխարհ եկաւ եւ իր ստեղծած նոր կեանքով նոր «հուպ» տուաւ եւ կը շարունակէ տալ մարդկութեան: «Հուպ» մը որ կու տայ արժէք: Արժէքը կեանքի, հայրենիքի եւ մարդուն: Արժէքը հայուն եւ անոր ապրելու գրաւականին:

2023 տարին մեզի` հայուն համար եղաւ շատ ԴԺՈՒԱՐ: Անցուցինք տարի մը, ուր տեսանք զրկանք, մահ եւ կորսնցուցինք հայրենիքէն մաս մը ու արժէք: Վիրաւոր վիճակի մէջ ենք` հոգիով, սրտով, արժանապատուութեամբ եւ մեր հպարտութիւնը ճզմուած: Պիտի մնա՞նք այս «դժուար» վիճակին մէջ, թէ՞ պիտի ուզենք նոր «հուպ» տալ մեր կեանքերուն:

Արարատ 73-ի հերոս տղաքը մեզի սորվեցուցին, թէ արժէ հաւատալ «հուպ»-երուն եւ անոնց ստեղծած արժէքներուն: Արժէ, որ շարունակենք սորվիլ եւ հաւատալ, թէ կրնանք նոր «հուպ» տալ մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքերուն:

«Արի Արարատ հուպ տուր»:
Բայց անպայմանօրէն…
«Արի հայ ժողովուրդ հուպ տուր»:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Ձեզի եւ մեր բոլորին մեծ աւետիս: Եւ աւետիսը Քրիստոսի նոր կեանքի շնորհած «հուպ»-ն է: Այն «հուպ»-ը, որ մեզ բոլորս դուրս կրնայ հանել մեր դժուար օրերուն մէջէն:

Արիք բոլորս` հայեր` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, հուպ տանք:

Եւ նոր ԿԵԱՆՔԸ շինենք: Հայուն նոր կեանքը…

Նիկոսիա, դեկտեմբեր 2023

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին. Համազգայինի 95-Ամեակի Լիբանանի Հանդիսութեան Եզրափակիչ Ձեռնարկ

Յաջորդը

Անհասցէ Մաղթանքներս…

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.