Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էմպափէ Լիվըրփո՞ւլ, Թէ՞ Ռէալ Մատրիտ

January 4, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ձմեռնային փոխանցումներու թուականը հասաւ, եւ ինչպէս անցեալ ամառ, թիւ 1 նիւթը Քիլիան Էմպափէի յաջորդ խումբի մասին էր:

Էմպափէ ամրան մերժած էր ստորագրել նոր պայմանագրութիւն Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ եւ բացակայեցաւ խումբին փորձերէն մինչեւ եղանակի սկիզբը:

«Կամուրջներ շինուեցան» Էմպափէի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէի կապերը զօրացնելու իմաստով, հակառակ անոր որ Էմպափէ չստորագրեց նոր պայմանագրութիւն: Փարիզ չ՛ուզեր մինչեւ ամառ այս ընթացքը շարունակել, որովհետեւ այս ձեւով Էմպափէ ազատ մարզիկ կ՛ըլլայ եւ ինք կ՛ընտրէ ո՛ւր երթալ եւ ի՛նչ սակագինով` առանց իր ակումբին այդ փոխանցումէն օգտուելուն: Ճիշդ այս պատճառով փարիզեան ակումբը պիտի նախընտրէ «ծախել» Էմպափէն դրամական առումով օգտուելու համար իրմէ:

Էմպափէ այժմ ազատ է որոշելու, թէ ո՛ր խումբը երթալ կը փափաքի, երբ ամրան աւարտէ իր պայմանագրութիւնը Փարիզի հետ: 25 տարեկան յառաջապահը, որ 2022-ին մեծ աղմուկ բարձրացուց, երբ երկարաձգեց Փարիզի հետ իր պայմանագրութիւնը, փոխանակ սպասուած փոխանցումը` Ռէալ Մատրիտ:

Անգամ մը եւս Ռէալ Մատրիտ կը գրաւէ թեկնածուներու առաջին դիրքը, այլ թեկնածու մըն ալ ըլլալով Լիվըրփուլ, որ վերջին 2 օրերուն մտաւ թեկնածութեան գիծին մէջ:

Ռէալ այժմ 1 յառաջապահ ունի խումբին մէջ` Խոսելուն, մինչ 2018-ին, երբ Քրիսթիան Ռոնալտօ հեռացաւ խումբէն, Քարիմ Պենզեման տեղը ձեւով մը «գոցեց», հակառակ անոր որ Ռէալ պէտք ունի երիտասարդ յառաջապահի մը, որ տարիներով մնայ խումբին հետ:

Ռէալ Մատրիտի աղբիւրները կը յայտնեն, որ Էմպափէ ինք պէտք է որոշէ, եւ իրեն պայմանաժամ տուած են մինչեւ 15 յունուար` որոշելու, թէ Ռէալի՞ կ՛ուզէ միանալ, այլապէս պիտի դիմեն այլ յառաջապահի:

Անգլիական խումբերու պարագային, Մանչեսթըր Սիթի կը «հալածէր» Էմպափէն Մոնաքոյի մարզիկ եղած օրերէն, բայց Էրլինկ Հաալանտի ժամանելէն ետք դժուար թէ մտածեն Էմպափէի մասին: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, եթէ Սալահ Սէուտական Արաբիա մեկնի, անոնք կրնան Էմպափէի ծախսերը տալ, մանաւանդ որ Ռէալ 150 միլիոն եւրօ պատրաստ է վճարելու 26 միլիոն տարեկան աշխատավարձով:

Պէտք է սպասենք գիտնալու, թէ ո՛ւր պիտի ուղղուի Էմպափէ յառաջիկայ շաբաթներուն:

 

Նախորդը

Սանչօ Հաւանաբար Վերադառնայ Տորթմունտ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Սիթի Պարտութեան Մատնեց Պոսթընը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտուեցաւ Էն.Էս.Էյ.Էն` 104-94 Արդիւնքով

February 3, 2026
«Էն.Պի.Էյ.»  10 Մրցումներ Երէկ.  Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց
Մարզական

«Էն.Պի.Էյ.» 10 Մրցումներ Երէկ. Ճերըթ Էլըն Մրցանիշ Իրագործեց

February 3, 2026
Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ
Մարզական

Սերխիօ Ռամոս Բռնցքամարտի Մենամարտ Պիտի Ունենայ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.