Երեքշաբթի գիշեր, աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան դարձի առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 64-48 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Հուփսի դաշտին վրայ: Երթին, 55-43 արդիւնքով յաղթական ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները աւելի հանգիստ խաղցան եւ յաղթանակ մը եւս աւելցուցին իրենց 7 նախկին յաղթանակներուն վրայ:
Ամէնէն շատ կէտեր նշանակեցին Փերլա Նասր (28 կէտ) եւ Փաթիլ Ասատուրեան (17 կէտ), Փերլա Ղաթթաս 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Եաշա Զէյնուն եւ Տիմա Շահին` 6-ական ռիպաունտներ: Եաշա 8 էսիսթ ալ կատարեց: Փերլա Նասր իր 7 փորձերէն 4-ը կրցաւ նշանակել 3 կէտնոց կողովներու պարագային:
ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները հաստատ կը մնան 3-րդ դիրքին վրայ` Պէյրութի (առաջին) եւ Ռիատիի ետին:
ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները կիրակի օր ժամը 21:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ Էն. Էս. Էյ.-ի դէմ պիտի ունենան իրենց յաջորդ մրցումը:


