Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան, եւ Տենվըրի սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ անսխալ էր դաշտին վրայ իր բոլոր հարուածներով, եւ նշանակեց 26 կէտ` ձեռք ձգելով 14 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ, տարեշրջանի առաւելագոյն կէտեր նշանակած Տենվըր Նակեթցը առաջնորդելով Մեմֆիս Կրիզլիզի դէմ (142-105) մրցումին:
Տենվըրի ամէնէն շատ կէտ բերած մրցումն էր երէկ, ուր Եոքիչ իր 11 փորձերէն 11-ն ալ նշանակեց մէկ հատ 3 կէտնոց փորձն ալ նշանակելով, ինչպէս նաեւ ֆաուլի կէտէն 3 ազատ հարուածներուն մէջ ալ անսխալ էր: Քանի մը օր առաջ Կոլտըն Սթէյթի դէմ ալ ան իր բոլոր 18 ազատ հարուածները նշանակած էր:
Այս մրցումի թրիփըլ տապըլը Եոքիչի ասպարէզի 116-րդն էր բնական տարեշրջանի մրցումներուն (առանց փլէյ օֆի)` գրաւելով 4-րդ դիրքը, 22 թրիփըլ տապըլով ետ մնալով Մեճիք Ճոնսընէն 3-րդ դիրքի վրայ: Ռասըլ Ուեսթպրուք կը գրաւէ առաջին դիրքը (198 անգամ), ապա անոր կը յաջորդէ Օսքար Ռապըրթսըն (181)` երկրորդ դիրքին վրայ:
Եոքիչ իր 10-րդ էսիսթը կատարեց Քրիսթիան Պրաունի, որ տանքով նշանակեց, երբ 3-րդ մասը աւարտելու 1:31 վայրկեան կար, եւ ուղղուեցաւ պահեստներու` աթոռ` հանգիստ ընելու: ամբողջացնելէ ետք այս տարեշրջանի 11-րդ թրիփըլ-տապըլը:
Մեմֆիսէն կը բացակայէր Ճա Մըրենթ, որ հիւանդ ըլլալուն պատճառով բացակայեցաւ: Մեմֆիս, որ Ճա Մըրենթի վերադարձէն ետք յաջորդական 4 մրցումներու յաղթած էր, կրեց իր 20-րդ պարտութիւնը: Տեզմընտ Պէյն 23 կէտ նշանակեց եւ Մարքըս Սմարթ աւելցուց 17 կէտ ի նպաստ Մեմֆիսի, որ անշուշտ բաւարար չէր պայքարելու Տենվըրի դէմ, որ 38 կէտի ալ հասցուց պահ մը իր առաւելութիւնը:
Ճըմալզ Մարի, որ 23 կէտ նշանակեց 4-րդ յաջորդական մրցումը ըլլալով, 20 կամ աւելի կէտեր նշանակեց ի նպաստ Տենվըրի, մինչ Փէյթըն Ուաթսըն 20 կէտ աւելցուց:
Սան Անթոնիօ Սփըրզ, որ վերջին 24 մրցումներուն 23 պարտութիւն կրած էր, Փորթլենտի մէջ (Օրեկոն) կրցաւ 118-105 արդիւնքով յաղթական դուրս գալ «Էն. Պի. Էյ.»-ի արեւմտեան շրջանի վերջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերու ճակատումին:
Մրցումին սկիզբը Սփըրզ լաւ սկսաւ եւ շարունակեց մինչեւ աւարտ եւ պահ մըն ալ 28 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Փորթլենտի վրայ, որ կրեց իր 22-րդ պարտութիւնը: Մինչ Սփըրզ իր 5-րդ մրցումը կը յաղթէր 30 մրցումներու ընթացքին:
Ֆրանսացի երիտասարդ սենթըր Վիքթոր Ուեմպանեամա 30 կէտ նշանակեց, ինչպէս նաեւ 6 էսիսթ ու 6 ռիպաունտ ձեռք ձգեց եւ կատարեց 7 պլոքներ:
Տեւըն Վեսըլ (17 կէտ) Ճերեմի Սոչըն (16 կէտ) եղան Սփըրզի լաւագոյն մարզիկներէն:
Մելքոլմ Պրոկտըն (29 կէտ), Ճերեմի Կրենթ (29 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Սքութ Հենտըրսըն (25 կէտ) եղան Փորթլենտի լաւագոյն մարզիկները:
Ինտիանա Փէյսըրզ 120-114 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Շիքակօ Պուլզի Եունայթըտ Սենթըրէն Թայրիս Հելիպըրթըն 21 կէտ եւ 20 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Փէյսըրզի: 20 էսիսթը իր ասպարէզի առաւելագոյնն էր մինչեւ օրս, եւ առանց թըրն օվըրի ինքնին իրագործում մըն էր: Ան դարձաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմուկթեան 5-րդ մարզիկը, որ առանց թըրնովըրի (գնդակ կորսնցնելու) 20 կամ աւելի էսիսթ կ՛իրագործէր: Քեւըն Փորթըր (1978), Ճոն Լուքաս (1983), Ռիքի Կրին (1984) եւ Քրիս Փոլ (2016) նոյնպէս 20 կամ աւելի էսիսթ կատարած էին առանց թըրն օվըրի:
Կասկածելի էր Թայրիսի մասնակցութիւնը այս մրցումին, մանաւանդ երբ առաւօտեան փորձի պահուն կռնակի ցաւ ունէր եւ չկրցաւ ամբողջացնել զայն: Բայց ըստ Ինտիանայի մարզիչ Ռիք Քարլայլի, Ինտիանա ունի «Էն. Պի. Էյ.»-ի լաւագոյն բժշկական մարմինը, որոնց շնորհիւ Թայրիս խաղցաւ եւ փայլեցաւ:
Մայլզ Թըրնըր 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ինտիանայի, Պատի Հիլտ (19 կէտ) եւ Ճէյլըն Սմիթ (15 կէտ եւ 7 ռիպաունտ) եղան Ինտիանայի լաւագոյն մարզիկներէն:
Շիքակոյի լաւագոյն մարզիկներն էին Փաթրիք Ուիլիամս (22 կէտ), Տըմար Տըրոզըն (21 կէտ) Քոպի Ուայթ (16 կէտ), եւ Անտրէ Տրամընտ (16 ռիպաունտ), Լոզօ Պոլի, Նիքոլա Վուչեվիչի եւ Զեք Լըրվինի բացակայութեան:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 128-122
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Եութա Ճեզ 112-105
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Տալաս Մեւրիքս 118-110
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 104-120
Տենվըր Նակեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ 142-105
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 105-118
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ 102-114
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Չարլոթ Հորնեթց 133-112


