Կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիվըրփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Եուրկըն Քլոփ յայտնեց, որ ՎԱՐ-ը պէտք է աւելի լաւ օգտագործել:
«Խնդիրը հոն է, որ մենք բոլորս կը տեսնենք ամէն օր, եւ նոյն բանը կ՛ըսենք կամ կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ: Երկու կոլ Արսենալի հետ մրցումին… Մենք կրնանք շարունակել ու շարունակել: Հեռացնե՞լ ՎԱՐ-ը: Ո՛չ: Պէտք է աւելի լաւ օգտագործել ՎԱՐ-ը», ըսաւ Քլոֆ «Սքայ Սփորթց»-ին:
Ան յայտնեց, որ շատ մրցումներու շատ սխալներ տեղի կ՛ունենան, եւ պէտք է աւելի ճիշդ կամ լաւ ձեւով աշխատին ՎԱՐ-ի իրաւարարները:


