Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց Կեդրոնական Պէյրութ` ընկերակցութեամբ Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտի, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մահմուտ Շքէյրի, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի, «Սալիտեր»-ի ներկայացուցիչ Միշլին Ապու Սամրայի եւ շարք մը այլ պատասխանատուներու:
Մաուլաուի ստուգեց Կեդրոնական Պէյրութի վաճառատուներն ու ընթացող աշխատանքը` տարիներ շարունակ այդ շուկային փակ մնալէն ետք:
Մաուլաուի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Պէյրութի բարգաւաճման ի խնդիր:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ նախարարութիւնը կը գործակցի նահանգապետին, Տնտեսական խորհուրդներուն, քաղաքապետին, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն եւ Պէյրութի տնտեսական հեղինակութիւններուն հետ:
«Պէյրութի մէջ Լիբանանի ծրագիրը կեանքի ծրագիր է, եւ մենք կը տեսնենք, որ շուկան բաց է, որովհետեւ վաճառատուները իրենց դռները բացած են, ու անոնք աշխուժ գործունէութիւն կ՛ունենան Կեդրոնական Պէյրութի, Սայֆիի եւ Մինա Հոսընի մէջ», հաստատեց Մաուլաուի:
Մաուլաուի շեշտեց, որ Կեդրոնական Պէյրութի վաճառատուներուն 50 առ հարիւրը իրենց դռները բացած են` աւելցնելով, որ բաց վաճառատուներուն համեմատութիւնը 2024-ի ամրան պիտի հասնի 80 առ հարիւրի:
Մաուլաուի նկատել տուաւ, որ Պէյրութի մէջ տօնական մթնոլորտ կայ, հրճուանք, ինչպէս նաեւ Պէյրութին յանձնառու մնալու հաւատք: «Մենք նախանձախնդիր կը մնանք նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կառուցած Պէյրութին եւ կառչած կը մնանք տէր կանգնելու անոր», ըսաւ ան:
Մաուլաուի կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն կառչած մնալու Պէյրութին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց արաբ եղբայրներուն այցելելու Լիբանան, որովհետեւ անիկա իրենց երկրորդ հայրենիքն է եւ բոլորը կրնայ հիւրընկալել:
Մաուլաուի ընդգծեց, որ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն ճիգերուն շնորհիւ Լիբանան ունի ապահովական իրավիճակ մը, որ լաւագոյն երկիրներուն` նոյնիսկ Եւրոպայի ապահովական իրավիճակը կը գերազանցէ:
Անդրադառնալով Նոր տարուան գիշերուան ապահովական միջոցառումներուն` Մաուլաուի յայտնեց, որ իրենք մշակած են ծրագիր մը` հակակշիռի տակ պահելու համար երկրին ապահովութիւնը:


