Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 27, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Լիբանանեան կարգ մը շրջաններ, յատկապէս ծովեզերեայ շրջանները, ուրբաթ, 22 դեկտեմբեր 2023-ի գիշերը եւ շաբաթ, 23 դեկտեմբեր 2023-ին վկայեցին ողողումներ` կարճ ժամանակի ընթացքին տեղացած տեղատարափ անձրեւներուն բարձր համեմատութեան պատճառով:

Այդ ողողումները ստեղծեցին դժուար կացութիւն մը եւ պատճառեցին վնասներ: Այդ վնասները կրեցին Պէյրութն ու Պուրճ Համուտը` նկատի ունենալով, որ անոնք ծովու մակերեսին հաւասար քաղաքներ են, ինչպէս նաեւ կարգ մը փողոցներու պարագային ծովու մակարդակէն ալ ցած են, եւ այդ պատճառով անոնք ենթակայ են ողողումներու:

Արձանագրուած այս իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, կարեւոր է անդրադառնալ հետեւեալին.

1.- Սկսելու համար պէտք է ողջունել Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը, յատկապէս Պուրճ Համուտի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կեդրոնին երիտասարդ- երիտասարդուհիները, որոնք հսկայական ջանքերով քաղաքացիներն ու անոնց ինքնաշարժները ողողումներուն ու ցեխերուն մէջէն փրկեցին եւ անոնց օժանդակեցին:

2.- Բոլորին ուշադրութեան կ՛ուզենք յանձնել, որ պայմաններն ու ժամանակը չեն ներեր պատասխանատուութիւնները իրարու վրայ նետելու, ընդհակառակն` ժամանակն է միասնաբար աշխատելու եւ գործակցելու, որպէսզի կարելի եղած չափով ժողովուրդին տառապանքն ու տագնապները նուազեցնենք:

3.- Այս շրջագիծին մէջ պէտք է որդեգրել այնպիսի միջոցառումներ, որոնք ըլլան արագ եւ անմիջական, որովհետեւ տակաւին կը գտնուինք անձրեւոտ եղանակի մէջ, եւ կլիմայական փոփոխութիւնները կը յուշեն, թէ նման անակնկալներու դիմաց կրնանք գտնուիլ:

Ուրեմն որդեգրուելիք կարեւորագոյն միջոցառումներն են.

Ա.- Աշխատանքային կեդրոնական գրասենեակ մը յառաջացնել, ինչպէս նաեւ ստեղծել անոր կապուած շրջանային գրասենեակներ, որոնց մէջ ներառուին տարբեր մասնագիտութիւններու տէր փորձառու մարդիկ: Անոնք առաջին հերթին պէտք է մշակեն ծրագիրներ եւ երկրորդ հերթին շտապ պարագաներուն ընդառաջել:

Բ.- Պարտադիր եւ գլխաւոր պատասխանատուութիւն է Պէյրութի գետին մաքրութիւնը եւ անոր հունը նեղցնող արգելքներուն վերացումը, ինչպէս նաեւ զայն լայնցնելու աշխատանքը, որպէսզի աւազն ու ողողումը դիւրաւ ծով թափին:

Գ.- Կարիքը կայ տասնեակներով ջրհան մեքենաներ ապահովելու, որպէսզի անոնք կարենան ողողումներու ենթարկուող ծովու մակարդակէն ցած փողոցներէն ջուրը դուրս պարպել:

Դ.- Կը մաղթենք, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնն ու Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ողողուած շրջաններուն համար նուազագոյնը մէկ շաբթուան համար մնայուն ելեկտրականութիւն ապահովէ, որպէսզի կարելի ըլլայ ջրհան մեքենաներու աշխատանքը մնայուն կերպով ապահովել, ինչպէս նաեւ առիթ տալ ժողովուրդին` մաքրելու իր գետնայարկ բնակարաններն ու հաստատութիւնները:

Ե.- Եօթը տասնամեակներէ ի վեր Պէյրութի գետին եզերքը բարձրացած պաշտպանող պատերը նորոգութեան չեն ենթարկուած, եւ այդ պատճառով ալ ջուրի հոսք կ՛արձանագրուի` պատերուն վրայ բացուած ճեղքերուն ընդմէջէն: Այս իմաստով պատասխանատուութիւնն ու իրաւասութիւնը անյստակ է` ուժանիւթի եւ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւններուն միջեւ, հետեւաբար կը խնդրենք կառավարութենէն ճշդել պատասխանատուները, որպէսզի անոնց հետ կարելի ըլլայ գործակցիլ եւ Պէյրութի ու Պուրճ Համուտի փողոցներուն սպառնացող այս վտանգին լուծումներ գտնել:

Զ.- Պէտք է յիշեցնել, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները, որոնք իրենք զիրենք պարտադրեցին վարչութիւններուն եւ կառոյցներուն վրայ, աւելի վատ ազդեցին տեղական իշխանութիւններուն եւ վարչութիւններուն վրայ, որոնք արդէն իսկ նիւթական, թեքնիք եւ մարդուժի տագնապ կը դիմագրաւէին: Հետեւաբար անհրաժեշտ է արագացնել տեղական իշխանութիւններուն եւ վարչութիւններուն օժանդակութիւնը, որպէսզի անոնք կարենան իրենց պարտաւորութիւնները կատարել:

Իբրեւ եզրակացութիւն կոչ կ՛ուղղենք պատկան մարմիններուն այս հարցը առաջնահերթ նկատելու եւ աշխատելու անոր լուծման ի խնդիր:

Նաեւ մեր ժողովուրդին կը հաստատենք, որ ճիգ պիտի չխնայենք եւ մեր կարելիութիւնները եւ միջոցները պիտի օգտագործենք` հիմնուելով անոնց անվտանգութեան եւ պետական ու սեփական կալուածներուն ապահովութեան յանձնառու մնալու մեր պարտականութենէն:

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ`
ՄԱՐՏԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Նախորդը

«Քաղաքական Անձնաւորութիւնները Նախագահութեան Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Ոճիր Կը Գործեն» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը «Արեւմտեան Ազրպէյճանցիներու Իրենց Պատմական Հայրենիք Վերադառնալու» Մասին Յայտարարութիւն Որդեգրած Է

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.