Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ս. Ծննդեան Աւետիսը Կը Փոխանցենք Աշխարհի Մէջ Տիրող Տագնապալից Իրողութիւններու Պայմաններուն Մէջ»

December 23, 2023
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայրապետական Պատգամ Սուրբ Ծննդեան Եւ Ամանորի

Ողջոյն եւ աստուածաւանդ օրհնութիւն
պատուական եղբարց մերոց`
արհի. արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց,
գերյ. ու գերպտ. վարդապետաց եւ արժնպտ. քահանայից,
բարեշնորհ սարկաւագաց, առաքինազարդ մայրապետաց
ու հաւատացեալ ժողովրդեանս:

Պատուակա՛ն եղբարք եւ սիրեցեալ զաւակք ի Քրիստոս,

Մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան փրկարար աւետիսը պիտի փոխանցենք իրարու Միջին Արեւելքի անկայուն կացութեան, Ս. Երկրին ողբերգական եւ ռազմական իրավիճակին, արցախահայութեան տեղահանուած ու հայրենազուրկ եւ ընդհանրապէս աշխարհիս զանազան անկիւններուն տիրող տագնապալից իրողութիւններու պայմաններուն մէջ:

Ողջ աշխարհը կը հոլովէ ու կը խօսի խաղաղութեան եւ արդարութեան մասին, մինչ կը շարունակուին ոճիրները, անարդարութիւններն ու պատերազմները, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութեան եւ գիտութեան նորանոր ձեռքբերումներով այս դարուն մէջ, սակայն, անմեղներ ու մանուկներ կը սպաննուին, քաղաքներ կը քանդուին…

Իսկ ահա, մեր հասարակաց Մայրը` Սուրբ Եկեղեցին դարձեալ կու գայ սփոփելու եւ ամոքելու բոլորս ու մեր առջեւ կը բանայ Աստուածորդիին մարդեղութեան փրկարար խորհուրդը. «Որ կերպարան Հօր եւ արարչակից Բանդ, վասն փրկութեան ազգի մարդկան, այսօր ի Կուսէ զկերպարանս ծառայի զգեցար մարդասիրապէս (Բ. օր Յայտնութեան):

Մեր Տիրոջ ու Փրկչին Ս. Ծննդեան աւետիսն երգող շարականին այս տողերը մեզ կը տանին նախ մարդուն ստեղծագործութեան ժամանակը, երբ Արարիչն Աստուած բանաւոր էակին հոգիին մէջ դրոշմեց իր պատկերն ու նմանութիւնը. «Արասցո՛ւք զմարդն ըստ պատկերի մերում եւ ըստ նմանութեան» (Ծն. 1,26):

Այս ճշմարտութիւնը կը յիշեցնէ մեզի, թէ արարչագործութեան պահուն` նախատիպը Բանն է եւ փրկագործութեան պահուն մարդուս աստուածային խաթարուած այս պատկերը կատարելագոյն կերպով կը նորոգէ Բանն Մարդացեալ:  Ասոր համար Ս. Պօղոս առաքեալը կը գրէ. «Աստուած զՈրդին իւր առաքեաց ի նմանութիւն մարմնոյ մեղաց եւ վասն մեղաց, եւ դատապարտեաց զմեղս ի մարմնի անդ, զի արդարութիւն օրինացն կատարեսցի ի մեզ (Հռմ. 8,3-4):

Երբ հաւատքի աչքերով կը տեսնենք մեր Տիրոջ ու Փրկչին Ծնունդը, երկնային սիրոյն անստուեր Լոյսը եւ Արդարութեան Արեգակը` Յիսուս Քրիստոս կը շարունակէ նորոգել մեր մեղանչական պատկերը, եւ ա՛յս է ճանապարհն արդարութեան ու խաղաղութեան:

Նորոգումի մեր այս ընթացքին մէջ` մեր սիրազեղ Բարեխօսը եւ արագահաս Օգնականն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը, որ մնայուն գործակիցն է իր սիրելի Որդիին:

Ուստի, մինչ ձեզի կ’առաքենք շնորհաւորական մեր մաղթանքը, Ձեզ կը խրատենք վստահիլ Աստուածամօր, որ ամէնէն Ճանապարհն է դէպի մարմնացեալ Աստուածորդին եւ մեր խօսքը կը կնքենք հայատրոփ շարականին տողերով. «Աստուածածին Սուրբ Կոյս, անապական Տաճար, այսօր ընդ բերկրական զուարթնոցն աւետեաց, կրեցեր զՏէրն տերանց ի Քեզ, առ որ մաղթեմք բարեխօսել վասն մեր անլռելի ձայնիւ» (Ծննդեան Օրհն. ԴԿ):

Ամանորի սեմին մաղթելով խաղաղութիւն համայն աշխարհին` Նորածին Արքայէն կը հայցենք Ձեզի օրհնաբեր եւ աստուածապարգեւ շնորհներով լի տարի մը:

Մեր Տիրոջ ու Փրկչին Ս. Ծննդեան  ուրախաբեր աւետիսը կը փոխանցենք Ձեզի. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ: Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի», ինչպէս նաեւ հայրական սիրով կը շնորհենք Ձեզի մեր հայրապետական օրհնութիւնը:

Տուեալ ի պատրիարքարանէս, որ ի Պէյրութ, Լիբանան, ի 22 դեկտեմբեր, յամի Տեառն 2023, ի Գ. ամի հայրապետութեան Մերոյ:

ՌԱՖԱՅԷԼ-ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ.
Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Լուծարման Մասին Հրամանագիրը Այլեւս Գոյութիւն Չունի

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 137-ի Լուծում

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.