Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ երկրին մէջ Շիայի դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին առիթով:
Հրաժեշտի այս այցելութիւնը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ժահժահ շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն` լիբանանեան բանակին օժանդակելու առնչութեամբ:
Ան աւելցուց, որ անցեալ շաբաթ Լիբանան վտանգաւոր քննութեան մը դիմաց կը գտնուէր, «սակայն բարեբախտաբար ան յաջող դուրս եկաւ այդ վտանգէն, որովհետեւ խորհրդարանին մէջ ճիգեր ի գործ դրուեցան», ըսաւ ան:
Ժահժահ շեշտեց, որ բանակի հրամանատարութեան պաշտօնը դատարկութեան մատնելը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլար` աւելցնելով, որ այդ պաշտօնին դատարկութեան մատնուելուն կանխարգիլումը ողջունելի էր, ինչպէս նաեւ դրական քայլ մըն էր բանակին վերադարձնելու այն վստահութիւնը, որ ինք կը վայելէ Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իմաստով:
Ժահժահ մաղթեց, որ խորհրդարանին մէջ անցեալ ուրբաթ օր տիրած մթնոլորտը դրսեւորուի նաեւ նախագահական ընտրութեան ընթացքին եւ պատճառ դառնայ, որ խորհրդարանը իրերայաջորդ ու բաց ընտրական նիստեր գումարէ` ընտրել կարենալու համար հանրապետութեան նոր նախագահը` վերաշխուժացնելու համար նաեւ երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները:
Ժահժահ Շիային յաջողութիւն մաղթեց, անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ զօրակցիլ եւ օժանդակել Լիբանանին ու անոր հաստատութիւններուն, յատկապէս` զինուորական հաստատութեան, որուն դերակատարութիւնը հիմնական է յաջորդ փուլին:
Միւս կողմէ, Ժահժահի տեղեկատուական գրասենեակէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, ուղղուած` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ եթէ Պըրրի կը փափաքի հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնել, ապա անիկա երկխօսութեան ընդմէջէն կարելի պիտի չըլլայ յաջողցնել:
«Պըրրի պէտք է կողմնակի խորհրդակցութիւններ կատարէ, որովհետեւ անոնք միակ միջոցն են` յանգելու համար հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
ՆՇԵՆՔ նաեւ, որ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց հետեւեալը. «Նախագահական ընտրութիւնը պէտք է կատարենք յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին: Ինչքան ուշանանք համախոհութիւնը գոյացնելու առումով, նոյնքան եւ աւելի պիտի բարդանան հարցերն ու վնասները: Շրջանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող այս դժուար պայմաններուն ընթացքին կարելի չէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը քինախնդրութեան առարկայ եւ զայն արգելակող նախապայմաններուն ենթակայ պահել», շեշտեց Պըրրի:


