Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Գործընթացի Խաղաղ Արգելակում

December 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ  կատարած է` ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը գտնուին ամէնէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ, փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով:

Հիմա, իբրեւ փաստ օրինակ կը բերուի գերիներու վերադարձը, սահմանային հանգստութիւնը, հաստատելու համար, որ վերջին եռամիսը 30-ամեակի ամէնէն խաղաղ եւ կայուն ժամանակաշրջանն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Քարոզչական բնոյթի այս հրապարակումները չեն մոռնար յիշելու Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը, բնականաբար ազրպէյճանական կանոններով` համարկումի եւ ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն ստանալու պայմաններով:

Նախ արձանագրենք խաղաղութեան կեղծ օրակարգի հանգամանքը: Արցախը հայաթափելէ, այնտեղ ցեղասպանական արարք գործադրելէ, այդ բոլորէն առաջ հայաստանեան ինքնիշխան տարածք ներխուժելէ ետք, Պաքուն կը խօսի խաղաղութեան շրջափուլի մասին:

Յայտնաբար սակայն այս բոլորով չէ գոհացած Պաքուն եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կէտերը միակողմանիօրէն վերափոխելու ճիգին մէջ է: Պարզ է, որ խնդիրը Նախիջեւան-Ազրպէյճան ցամաքային կապի եւ հաղորդուղիներու վերահսկողութեան, ինչպէս նաեւ սահմանազատման օրակարգին կը վերաբերի: Սահմանազատում հայաստանեան ներխուժուած տարածքներէ առանց հեռանալու, անքլաւներու հարցը ազրպէյճանական առաջադրանքներով լուծելու, որմէ ետք միայն տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի կէտին անցնելու:

Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականին յայտարարութիւնները այս հանգամանքներով միայն չեն սահմանափակուիր: Ուղերձները թիրախաւորած են երաշխաւորման եւ միջնորդաւորման մրցապայքարի մէջ գտնուող կողմերը: Այս պարագային նախ Միացեալ Նահանգները: Հաճիեւ ամերիկեան միջնորդութեան ընդունելիութեան դիմաց յստակ պայման կը դնէ. Պայտընի  աշխատակազմը միջնորդ ըլլալու համար պէտք է փոխէ դիրքորոշումը:

Ուաշինկթընեան հրաւէրին ընդառաջ նման յայտարարութիւն կատարելը հարուած է բանակցային գործընթացին: Աւելի ճիշդը` արգելակում է ոչ ռուսական միջնորդութեան: Բնականաբար ուրեմն ուղերձ` Ռուսիոյ:

Այստեղ չ՛աւարտիր սակայն պաշտօնական Պաքուի մարտավարական խաղը: Խաղաղ  շրջափուլը բնութագրելու համար, Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականը կ՛ընդգծէ գերիներու եւ զինուորներու իբրեւ թէ զօրանոցներ վերադարձը: Այստեղ երկու սլաք կայ ուղղուած նաեւ Ռուսիոյ: Գերիներու փոխանակման համար եղած բանակցութիւններուն կամ միացեալ որոշումի յայտարարութեան մէջ չկայ Մոսկուան: Օրինակին ենթաուղերձը ուղիղ բանակցութիւններ վարելու նպատակը կը հետապնդէ: Ուղիղ բանակցութիւնները նաեւ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի հարցին կը վերաբերին, հետեւաբար նաեւ կը նախապատրաստեն ենթահող անվտանգութեան երաշխիքներու անհարկիութեան: Ազրպէյճան կ՛երաշխաւորէ անոնց անվտանգութիւնը: Բառացիօրէն` Ազրպէյճանը անոնց վերադարձին համար կը տրամադրէ բոլոր կարելիութիւնները, որոնց շարքին` անվտանգային:

Խաղաղ շրջափուլի հանգամանքները շեշտելով, ազրպէյճանցի պաշտօնեան կը հասնի անվտանգութեան ռուսական կամ միջազգային երաշխիքները բացառելու առաջադրանքին: Զինուորներու զօրանոց վերադարձած ըլլալու կեղծ նշումով, Պաքուն ըսել կ՛ուզէ, որ իմաստազրկուած է ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը:

Նոր շրջափուլ է հաւանաբար այս հանգամանքներէն մեկնած: Ոչ անպայման խաղաղութեան սակայն:

«Ա.»

Նախորդը

ՀԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Այսօր Պիտի Այցելէ Երեւան

Յաջորդը

Կլենտէյլի Մէջ Նշուեցաւ Ականաւոր Դաշնակցական Քաղաքական Գործիչ, Հայ Դատի Ջահակիր Հրայր Մարուխեանի Մահուան Տարելիցը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 9, 2026
Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.