Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ ընդունեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատան եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որոնց հետ քննարկեց ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաղաքական զարգացումները:
Միւս կողմէ, պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սլիմ պատրաստ է պաշտպանութեան նախարարութեան թափուր պաշտօններուն համար առաջարկներ ներկայացնելու` պայմանով որ անոնց շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, որովհետեւ ան կը մերժէ մեղսակից դառնալ պաշտպանութեան նախարարութեան պատկանող հաստատութիւններուն եւ կառոյցներուն մէջ երկփեղկում յառաջացնելու, ինչպէս որ, ցաւ ի սիրտ, պատահած էր օրեր առաջ:


