Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զօրավարներուն Եւ Հազարապետ-Զօրավարներուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Խորհրդարանին Որոշումը

December 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին նշեց, որ Կազայի պատերազմին ու հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներուն 74 օրը լրացած է արդէն, եւ տակաւին կը շարունակուին գործուած ոճիրներն ու ցեղասպանութիւնը:

Միքաթի ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի բնակիչները թիրախ կը դառնան ամէնօրեայ դրութեամբ գործուող իսրայէլեան յարձակումներուն եւ բռնարարքներուն: Հարաւը կը հրկիզուի իր գիւղաքաղաքներով, բերքով եւ բնութեամբ: Ան աւելցուց սակայն, որ լիբանանեան միասնականութիւնը ողջունելի է եւ կը փաստէ, թէ Լիբանան ամուր է եւ դիմադրող երկիր:

«Ոմանք գետնի վրայ կը դիմադրեն, իսկ ոմանք քաղաքականութեան մէջ, ազգային կեցուածքներով եւ միջազգային ամպիոններու վրայ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանով, կառավարութեամբ, ապահովութեան ուժերով եւ վարչութեամբ` հակառակ կենցաղային ամէն տեսակի դժուարութեան», նշեց ան:

Միքաթի Լիբանանի կառավարութեան եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխան Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահի մահուան առիթով: Ան յաջողութիւն մաղթեց Քուէյթի նոր իշխան Միշաալ Ահմետ Սապահին, անոր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի եւ Քուէյթի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւուին:

Միքաթի ընդգծեց, որ լուսարձակի տակ առած է խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը` աւելցնելով, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն ընդմէջէն երկրին հարցերուն լուծումներ գտնելը միակ միջոցը պէտք է ըլլայ` հեռու մնալով յաւելաբանութիւններէ:

Միքաթի շեշտեց, որ օրէնսդրական կայունութիւնը ամբողջ երկրին համար կարեւոր է, այնպէս ինչպէս ապահովական կայունութիւնը: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը տակաւին կը պնդէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը վերաշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

Միքաթի ընդգծեց, որ խորհրդարանը պէտք է շարունակէ օրէնսդրական իր ընթացքը, կառավարութիւնն ալ պէտք է շարունակէ իր աշխատանքը` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային Լիբանան ունենայ հանրապետութեան նախագահ մը:

Պաշտօնեաներու եւ զինուորական անձնակազմի իրաւունքներուն առումով, Միքաթի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ անոնց արդար իրաւունքները հատուցելու` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը տակաւին կը սերտուի, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին համար արդար լուծումներ ապահովել:

«Նոր տարիէն առաջ կառավարութեան նիստ չգումարելու պարագային, կը փափաքիմ արդէն իսկ շնորհաւորել լիբանանցիները եւ մաղթել ամենայն բարիք` թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ արտերկրի լիբանանցիներուն», ըսաւ ան:

Նախարարաց խորհուրդին մաս կազմող 19 նախարարներ ստորագրեցին ուրբաթ օր խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած` բանակի հրամանատարին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը:

Նիստէն ետք Մքերի պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն յայտնեց, որ իր, Միքաթիի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմի միջեւ բանավէճ չարձանագրուեցաւ` ընդգծելով, որ ճիշդ է, որ Միքաթի յայտնեց, թէ իր եւ Սլիմի միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը այսուհետեւ պաշտօնական են, «եւ անիկա հարց մը չէ», նշեց Մքերի:

Աւելցնենք, որ կառավարութիւնը սպայակոյտի պետ չնշանակեց` նկատի ունենալով, որ պէտք է խորհրդարանին մէջ տրուած որոշումին` զօրավարներուն եւ հազարապետ-զօրավարներուն պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու մասին կառավարութիւնը իր խօսքը ըսէ, եւ ըստ այնմ անցնի սպայակոյտի պետի նշանակումին:

Մքերի աւելցուց, որ եթէ սպայակոյտի պետի նշանակման առումով պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատարը յստակ պատասխան ունենայ, ապա նախարարաց խորհուրդը կրնայ նիստ մը գումարել` Նոր տարիէն առաջ:

Նախորդը

Քոլոնա. «Եկած Ենք Հաստատելու, Որ Լիբանանի Կացութիւնը Շատ Վտանգաւոր Է»

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Հրետակոծել Հարաւային Լիբանանը, Իսկ Դիմադրութիւնը Կը Պայթեցնէ «Մերքաւա» Մը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.