Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլոնա. «Եկած Ենք Հաստատելու, Որ Լիբանանի Կացութիւնը Շատ Վտանգաւոր Է»

December 20, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի   արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա ֆրանսական դեսպանատան մէջ յայտնեց, որ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր երկրորդ անգամ ըլլալով է, որ կ՛այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ իր այցելութեան նպատակն է կանխարգիլել Կազայի պատերազմի շրջագիծին ընդարձակումը դէպի հարաւային Լիբանան:

Քոլոնա ընդգծեց, որ իրականութեան մէջ Կազայի պատերազմին մէջ Լիբանանի ներքաշուելուն հաւանականութիւնները բարձր են` շեշտելով, որ լիբանանցի ղեկավարներուն պատասխանատուութիւնն է աշխատիլ, որպէսզի ամբողջ շրջանը պատերազմի մէջ չներքաշուի:

«Նման կացութեան ստեղծման պարագային ոչ ոք շահաւոր դուրս պիտի գայ, եւ անիկա պիտի յանգի յաւելեալ վտանգներու եւ բոլորը ապահովութենէն եւ խաղաղութենէն հեռացնելու», ըսաւ ան:

Քոլոնա նկատել տուաւ, որ սահմանային Կապոյտ գիծին շուրջ լարուածութիւնը յստակ է` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատարը հաստատած է այդ իրողութիւնը:

«Եկած ենք հաստատելու, որ այս մթնոլորտին մէջ դիւանագիտութիւնը արդիւնաւէտ դուրս կրնայ գալ եւ ոչ թէ զինուորական գործողութիւնը: Լիբանանցի պատասխանատուներուն յայտնեցի, որ եթէ Լիբանան պատերազմի մէջ իյնայ, ապա անոր ապաքինումը շատ դժուար պիտի ըլլայ: Լիբանանի կացութիւնը շատ վտանգաւոր է: Իսկ ով որ Լիբանանէն դուրս է եւ Կազայի աղէտալի կացութենէն օգտուելով յաւելեալ մագլցումներու կ՛ուզէ երթալ, այս պարագային նկատի ունիմ Իրանն ու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ անոր բոլոր ներկայացուցիչներն ու Կարմիր ծովուն մէջ հուսիներուն կատարածները, կը հաստատեմ բոլորին, որ այս քայլը մեծ սխալ է եւ շատ վտանգաւոր, ու պէտք է կասեցնել մագլցումները», ընդգծեց ան:

Քոլոնա նշեց, որ Լիբանան բարեկամ երկիր է եւ Ֆրանսայի համար շատ արժէքաւոր, հետեւաբար մենք ճիգ պիտի չխնայենք պաշտպանելու անոր կայունութիւնը, «սակայն այդ կայունութիւնը կարելի է հաստատել Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեամբ` ապահովելու համար գետնի վրայ կացութեան բարելաւումը», հաստատեց Քոլոնա:

Ան ըսաւ, որ Լիբանան բաւական տկար կացութեան մէջ է` միաժամանակ ողջունելով բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, որ Լիբանանի համար օգտակար է եւ երկրին կայունութիւնը պահպանելու համար` կարեւոր: «Բայց եւ այնպէս անիկա անբաւարար է, որովհետեւ լիբանանցի ղեկավարները պէտք է պատասխանատուութեամբ վարուին նախագահական ընտրութիւն կատարելու», նշեց ան:

Նախորդը

Ապպաս Իպրահիմ Վրոնեցքայի Եւ Զօր. Լասարոյի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զօրավարներուն Եւ Հազարապետ-Զօրավարներուն Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Խորհրդարանին Որոշումը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.