Երէկ, ՖԻՖԱ-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան էլիթ հանգրուանին գծով Հայաստան Կարէն Տեմիրճեանի անուան մարզամշակութային կեդրոնին մէջ 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վրաստանի դէմ:
5-րդ հանգրուանի գծով այս մրցումին հաշիւը բացաւ Գարեգին Մաշումեան: Ճիորճի Ղաւթածէ նշանակեց հաւասարութեան կոլը 3 վայրկեան ետք, սակայն 2-րդ կիսախաղին Վլատիմիր Սանոսեան եւ Ռոտրիկինիօ նշանակեցին 2 յաջորդական կոլեր: Այս յաղթանակէն ետք Ռուբէն Նազարեանի տղաքը գրաւեցին 3 խմբակի 3-րդ դիրքը` իրենց ետին ձգելով Վրաստանը: Փորթուգալ կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ Ֆինլանտա` 2-րդ:


