Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներու գծով, վաղը երեկոյեան ժամը 19:30-ին Թաատոտի դաշտին վրայ (Մազրաա) ՀՄԸՄ Անթիլիասի մեր աղջկանց խումբը մրցում մը պիտի ունենայ Թաատոտին դէմ:
Թաատոտ միայն մէկ մրցում կրցած է յաղթել, այդ ալ Շիյահի դէմ, 1 կէտի առաւելութեամբ: Շեյահ վերջին դիրքը կը գրաւէ (10-րդ), մինչ Թաատոտ 8-րդ դիրքը` Էն. Էս. Էյ.-էն 1 դիրք աւելի բարձր:
ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները շատ հանգիստ պէտք է շարունակեն իրենց ընթացքը` արձանագրելով 5-րդ յաղթանակը, 3-րդ դիրքին վրայ հաստատ մնալու համար:


