Միացեալ Նահանգները նախկինին պէս կը կարծեն, որ տարեվերջին այլեւս պիտի չկարենան օգնել Ուքրանիոյ, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը նոր միջոցներ յատկացնելու մասին որոշում չտայ: Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարին Ժան Փիեռ:
«Ինչպէս արդէն յայտնած ենք, մինչեւ տարեվերջ մենք պիտի յայտնուինք այնպիսի կացութեան մէջ, որ պիտի չկարենանք Ուքրանիոյ օգնել», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է ան` հաստատելով ամերիկեան վարչակազմի` Քիեւին զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար յատկացուող միջոցներու սպառման վերաբերեալ նախատեսութիւնները:
Սպիտակ տան ներկայացուցիչը ընդգծած է, որ եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չհամաձայնի աջակցիլ նախագահ Ճօ Պայտընի խնդրանքին, ապա մինչեւ տարեվերջ Ուաշինկթընի գումարը «ամբողջովին պիտի սպառի»:


