Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան համար կարելիութիւններու դուռ բացուած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Կիւլեր այս մասին ըսած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:
«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու կարելիութիւններու դուռ բացուած է:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ ոչ թէ այլ երկիրներու, այլ իր դրացիներուն հետ համագործակցութեան դիրքորոշման», նշած է Կիւլեր:


