Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան բանբեր Փեթեր Սթանօ բացատրած է, թէ ի՛նչ կ՛ենթադրէ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով Հայաստանին հաւանական աջակցութիւնը, որուն քննարկումներուն մասին նախապէս յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելը:
Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կ՛ենթադրէ այդ աջակցութիւնը, Սթանօ ըսած է, որ աջակցութիւնը կը քննարկուի անդամ երկիրներու կողմէ` հաշուի առնելով հայ գործընկերներու կարիքներն ու խնդրանքը:
«Ատիկա կրնայ ըլլալ դաշտային հիւանդանոց, պաշտպանական սարքաւորումներ, սակայն կրնայ նաեւ մեծցնել համացանցային յարձակումներու, ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարելու կարողութիւնները:
«Շրջագիծը շատ լայն է, եւ անդամ պետութիւնները պէտք է որոշում տան, թէ ի վերջոյ Եւրոպական Միութիւնը ի՛նչ պէտք է ընէ` արտացոլացնելով այն, ինչ որ Հայաստանը կը սահմանէ իբրեւ ամէնէն հրատապ կարիքներ», ըսած է Սթանօ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 11 դեկտեմբերին մասնակցած է Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով խորհրդաժողովին:
Նախարարները կարծիքներ փոխանակած են Արեւելեան գործընկերութեան եւ ատոր ձեռքբերումերուն վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ, թէ Արեւելեան գործընկերութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ շարունակել ապահովել բաւարարումը անդամ երկիրներու եւ գործընկեր երկիրներու կարիքներուն, որոնք պէտք է ըլլան 2024 թուականին միացեալ աշխատանքի հիմնական առաջնահերթութիւնները:
Քննարկուած են նաեւ ուղիները, թէ ինչպէ՛ս պէտք է արագացնել Արեւելեան գործընկերութեան տնտեսական եւ ներդրումային ծրագիրի իրականացումը, աւելցնել համագործակցութիւնը այնպիսի շրջաններու հետ, ինչպիսիք են Կեդրոնական Ասիան եւ Արեւմտեան Պալքանները:
«Եւրոպական Միութիւնը, անդամ երկիրները եւ գործընկերները պիտի ուժեղացնեն իրենց ջանքերը` կեանքի կոչելու Արեւելեան գործընկերութեան վերականգնման, կայունութեան եւ բարեփոխումներու օրակարգը, ինչպէս նաեւ լուծելու մարտահրաւէրները` առնչուած Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմի շարունակական հետեւանքներու:
«Նախարարները քննարկեցին համագործակցութեան ոլորտները, ներառեալ կապը, փոխադրութիւնը, ուժանիւթը, կանաչ եւ թուային անցումը, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներուն, քաղաքացիական հասարակութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ անվտանգութեան վերաբերող հարցեր», նշուած է նիստի աւարտին տարածուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:


