Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու աշխատակազմերուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը շատ կարեւոր դրական քայլ է դէպի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը:
«Որոշակի չափով այն քայլն էր, որ ցոյց տուաւ, որ ցանկութիւն կայ շարժելու խնդիրները լուծելու տրամաբանութեամբ, իսկ խնդիրները լուծելու մեծագոյն կարելիութիւնը խաղաղութեան համաձայնագիրն է», շաբաթ երեկոյեան Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն ըսաւ Գրիգորեանը` տեղեկացնելով, որ Երեւանը պատրաստ է նոյնիսկ մինչեւ դեկտեմբերի վերջ ստորագրել այդ փաստաթուղթը, բայց եթէ կարելի չըլլայ, ապա` «ըստ կարելւոյն ամէնէն շուտ ժամկէտին»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք հայկական կողմը արդէն համաձա՞յն է խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել առանց միջազգային երաշխաւորներու, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ըսաւ. «Խաղաղութեան բանակցութիւնները, որոնք կ՛ընթանան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով, հրաւէր կայ Ուաշինկթընի մէջ շարունակելու զանոնք: Եկէք, տեսնենք, թէ ի՛նչ արձագանգ պիտի ըլլայ Պաքուէն, եւ կը հասկնանք, թէ ինչպէս կը շարունակենք»:


