Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Մատենաշարը Ամբողջացնելու Կոչ Մեր Ընթերցողներուն

December 11, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի գրադարանը կազմաւորուած է թերթի հիմնադրութեան առաջին օրերէն: Տարիներու ընթացքին անիկա ճոխացուած է Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ տարբեր երկիրներէ հաւաքուած, գնուած, ինչպէս նաեւ նուիրուած եւ ստացուած գիրքերով:

Գիրքերու շարքին, գրադարանին հիմնական աւանդն ու հարստութիւնը կը կազմեն «Ազդակ»-ի 96 տարիներու հաւաքածոները, ինչպէս նաեւ բացառիկները, յաւելուածները, ազգային, կուսակցական, Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած թիւերը եւ գրական, մարզական, մշակութային, մանկապատանեկան տարբեր բովանդակութիւններով հրատարակութիւնները:

«Ազդակ» նաեւ ունեցած է իր մատենաշարը, հրատարակելով շուրջ հարիւր հատոր գիրքեր: Նաեւ շատ գիրքեր հրատարակուած են իբրեւ թերթօն:

«Ազդակ» յատկապէս յետեղեռնեան սերունդին համար եղած է դպրոց, սորվեցուցած է հայերէն եւ քաջալերած է ընթերցանութիւնը: Հայ ընտանիքներու գրադարանները ճոխացուած են «Ազդակ»-ի հրատարակած գիրքերով եւ թերթօններով:

«Ազդակ»¬ի գրադարանը թերթի հիմնադիրներէն, խմբագիրներէն եւ աշխատակիցներէն մնացած անգին աւանդ է, որ իր յատուկ տեղն ու դերը ունի հայ մշակոյթի գանձարանին մէջ:

«Ազդակ»-ի գրադարանը մեծապէս ճոխացաւ յատկապէս վերջին տասնամեակին, երբ ընթերցողներ, բարեկամներ եւ հաստատութիւններ ամբողջ գրադարաններ նուիրեցին «Ազդակ»-ին:

«Ազդակ»-ի տպարանը եւ խմբագրատունը ժամանակի ընթացքին տարբեր վայրերու մէջ հաստատուած եւ ոդիսականներ ապրած են: Շատ մը գիրքեր, ինչպէս նաեւ հաւաքածոյէն օրինակներ կորսուած են:

«Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը, թերթի երախտաւորներէն մնացած աւանդը հաւատարմօրէն պահելու առաջադրանքով, առաջին հերթին ծրագրած է ամբողջացնել մատենաշարէն պակսող հատորները:

«Ազդակ»-ի մատենաշարով հրատարակուած շուրջ հարիւր գիրքերուն անունները ամբողջական չեն:

«Ազդակ»-ի գրադարանին մէջ, մատենաշարէն կը պակսին հետեւեալ թիւերը. 1, 2, 3, 4, 7, 8, 9, 10, 11, 15, 16, 18, 19, 21, 22, 23, 24, 25, 26, 28, 29, 30, 32, 33, 34, 35, 36, 37, 39, 40, 41, 43, 44, 47, 48, 49, 50, 51, 52, 56, 60, 61, 63, 65, 69, 71, 72, 85, 86 եւ 87

Այսու կոչ կ՛ուղղենք մեր ընթերցողներուն եւ բարեկամներուն, որ եթէ իրենց մօտ ունին «Ազդակ»-ի մատենաշարէն պակսող այս թիւերը, բարեհաճին նուիրել թերթի գրադարանին:

Կ՛ուզէինք յայտնել նաեւ, որ «Ազդակ»-ի գրադարանը բաց է բոլորին համար: Ընթերցանութեան թէ հետազօտական աշխատանքի համար կարելի է դիմել թերթի խմբագրութեան կամ գրադարանի պատասխանատու Ասպետ Մանճիկեանին:

Նախորդը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կրկնակի Թափով Կը Շարունակէ Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութեան Օժանդակութեան Ծրագիրները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Շահեցաւ «Ին Սիզըն» Մրցաշարքը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.