Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրի Մէջ. «Լիբանանը Փրկելու Համար Պէտք Է Ըլլանք Միասնական Եւ Զօրակցինք Իրարու» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

December 8, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  երէկ ուղղուեցաւ Սուր` զօրակցութիւն յայտնելու հարաւային Լիբանանի բնակչութեան, յատկապէս անոնց, որոնք սահմանամերձ շրջաններէն տեղահանուած եւ ուղղուած են Սուր` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով:

Ռայի պատրիարքը այցելեց մարոնի համայնքի Սուրի առաջնորդարանը, ուր շեշտեց, որ ինք հարաւային Լիբանան կ՛այցելէ` հաստատելու համար իր զօրակցութիւնը տեղի բնակչութեան եւ շրջանին, որոնք աղէտալի պատերազմի մը սակն է, որ կը վճարեն:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Պաղեստինեան դատին լուծումը կարելի է ապահովել միայն երկու պետութիւններ հիմնելու լուծման տարբերակով, այլապէս` կարելի չէ շրջանին խաղաղութիւն բերել:

Ռայի պատրիարքը մտավախութիւն յայտնեց, որ պատերազմը կրնայ ընդարձակուիլ եւ ներքաշել նաեւ Լիբանանը` աւելցնելով, որ քանդիչ այս պատերազմին ընթացքին իրենց վկայածը միջազգային կամ մարդկային ոչ մէկ ուխտի հետ կապ ունի: «Իսկ մենք խաղաղութիւն կը պահանջենք», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Սուրի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը, ուր շեշտեց, թէ իրենք կը զօրակցին պաղեստինցիներուն եւ Պաղեստինեան դատին` աւելցնելով, որ Կազայի մէջ պատահածը ցեղասպանութիւն է եւ կանխամտածուած ոճիր, որուն դիմաց կարելի չէ դիտորդի դերին մէջ մնալ:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Սուրի միւֆթի շէյխ Մըտրար Հպալի:

Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ հարաւը հայրենիքին դարպասն է` աւելցնելով, որ Լիբանանը պահպանելու համար պահանջուածը գիտակցութիւնն է:

«Լիբանանը փրկելու համար պէտք է ըլլանք միասնական եւ զօրակցինք իրարու», հաստատեց Ռայի պատրիարքը:

Հպալ իր կարգին բարձր գնահատեց Ռայի պատրիարքին զօրակցական այցելութիւնը:

Գետնի վրայ իսրայէլեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Ալմա Շաապ, Թէյր Հարֆա, Տհայրա, Քաունին, Համամես, Համուլ, Նաքուրա եւ Այթա Շաապ շրջանները:

Քաունինի մէջ իսրայէլեան օդուժին գործած ռմբակոծումին պատճառով վնասուած է դպրոցն ու թեթեւօրէն վիրաւորուած են աշակերտներ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ երեկոյեան կատարեց իր հերթական սպառնական յայտարարութիւնը` նկատել տալով, որ եթէ Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ ամբողջական պատերազմ սանձազերծէ, ապա Պէյրութն ու հարաւային Լիբանանը պիտի վերածուին Կազայի եւ Խան Եունեսի:

Երէկ առաւօտեան ժամը 9:30-ին Դիմադրութեան մարտիկները թիրախահար հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մարժ զինուորական դիրքը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ: Ռմբակոծուեցան նաեւ Ռամիմի անտառները:

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ հակահրասայլային հրթիռներով հարուածած է իսրայէլեան Մաայեան Պարուխ զինուորական դիրքը:

Դիմադրութեան մարտիկները ժամը 2:15-ին յարմար զէնքերով թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան Միթաթ դիրքը, ուր կը գտնուէր իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը:

Դիմադրութեան մարտիկները կէսօրէ ետք ժամը 3:05-ին ռմբակոծեցին իսրայէլեան Պայեատ Պլիտա, Ժալ Օլամ եւ Խալլեթ Ուարտէ դիրքերը` թիրախաւորելով ուղղակի հարուածներ:

Երեկոյեան ժամը 5:15-ին Հըզպալլայի մարտիկները թիրախ դարձուցին իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորում մը` Շթուլայի մէջ:

Նշենք, որ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին միացան Հըզպալլայի մարտիկներ Իմատ Ռաշինի, Հաթեմ Ժաաֆար եւ Մուսթաֆա Ալի Տարուիշ:

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Թէյմուր Ժոմպլաթը Եւ Խորհրդարանի Դիւանը Հրաւիրեց Ժողովի

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը  Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան  Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ  Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»
Գաղութային

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է»

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.