Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Արեւմուտքը Կը Սպաննէ ԵԱՀԿ»-ը

December 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արեւմուտքը կը սպաննէ ԵԱՀԿ-ը», այս մասին 30 նոյեմբերին կազմակերպութեան` Սքոփիէի մէջ ընթացող վեհաժողովի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«ԵԱՀԿ-ը, ըստ էութեան, կը վերածեն ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կցորդի», ըսած է Լաւրով` պնդելով, թէ կազմակերպութիւնը «անդունդի եզրին է»:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, ատոր ամէնէն վառ վկայութիւններէն մէկը Մերձտնեսթրի մէջ տիրող կացութիւնն է, ուր «նպատակաուղղուած կերպով կը սպաննեն «5+2» ձեւաչափը, այն վերջինը, ինչ որ մնացած է Մերձտնեսթրի տագնապի լուծման ուղղուած միացեալ ջանքերէն»:

«Մոլտովային Արեւմուտքի կողմէ Ռուսիոյ դէմ շղթայազերծուած խառնածին պատերազմի յաջորդ զոհի դերը վերապահուած է», յայտարարած է Լաւրով:

Ռուսիոյ Համար Ոչ Բարեկամ Ժողովուրդներ Չկան,
Այլ Ոչ Բարեկամական Որոշումներ Տուող Կառավարութիւններ

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումի աւարտին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ տարբեր պետութիւններ կ՛ընդգրկուին Ռուսիոյ համար ոչ բարեկամական երկիրներու ցանկին վրայ` ըստ անոնց կառավարութիւններու որոշումներուն, սակայն Ռուսիոյ տեսանկիւնէն ոչ բարեկամ ժողովուրդներ եւ երկիրներ չկան:

«Մենք չունինք ոչ բարեկամ երկիրներ եւ ոչ բարեկամ ժողովուրդներ: Կան կառավարութիւններ, որոնք պետութեան անունով կու տան որոշումներ, որոնք մենք ոչ բարեկամական կը նկատենք, եւ մենք այդ կառավարութիւնները կը ներառենք համապատասխան ցուցակի վրայ», ըսած է Լաւրով:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ 2024-ին «Չինաստանը Զսպելու Համար» Միջին Հասողութեամբ Հրթիռներ Պիտի Տեղակայէ Հնդկական-Խաղաղովկիանոսեան Շրջանին Մէջ

Յաջորդը

Քլիչքօ. «Չենք Կրնար Յաւերժ Խանդավառութեան Մէջ Ստել Մեր Ժողովուրդին. Զելենսքին Պիտի Վճարէ Իր Սխալներուն Գինը. Կացութիւնը Փակուղային Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական  Սպառնալիք Չկայ»
Միջազգային

Ռիւթէ. «Ռուսիայէն Անմիջական Սպառնալիք Չկայ»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.