Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծաղկազարդը` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

April 2, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 1 ապրիլին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Առաջնորդ սրբազանը ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ Երուսաղէմի ժողովուրդը Յիսուսը ընդունեց յաղթական թագաւորի պէս, սակայն ան քաղաք մտաւ իբրեւ խաղաղութեան թագաւոր: «Յիսուսի առաքելութիւնը իր աշխարհ գալուն, մարդեղանալուն եւ ծնանելուն առաջին օրէն խաղաղութիւնն էր, որ մարդոց մէջ կը ծնէր իր ճամբով», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ Յիսուսի բոլոր ուսուցումները կ՛առաջնորդեն դէպի խաղաղութիւն, որ պիտի սկսի մարդուն ներսէն:

Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց, որ Քրիստոսի բերած խաղաղութիւնը կը սկսի, երբ մարդուն թշնամին պարտութեան կը մատնուի: «Յիսուսի առաքելութիւնը այն էր, որ մարդ պիտի ապրի իր բարեկամներուն հետ խաղաղութեամբ` սկսելով իր անձին վրայ յաղթանակ տանելէն», շեշտեց սրբազանը` նկատել տալով միաժամանակ, որ խաղաղութիւնը պիտի իրականանայ, երբ մարդ կարենայ յաղթել իր անձին մէջ եղող թշնամիին` իր եսասիրութեան, անձնասիրութեան: Սրբազանը ընդգծեց, որ Յիսուս Երուսաղէմ մտաւ ամբողջացնելու համար իր առաքելութիւնը, հաստատելու համար Աստուծոյ թագաւորութեան հիմերը եւ մեզ հրաւիրելու դէպի Երկինքի արքայութիւն:

Եզրակացնելով իր պատգամը` սրբազանը բացատրեց, որ Ծաղկազարդի թափօրին մանուկներուն մասնակցութիւնը եւ ներկայութիւնը կը խորհրդանշէ երկինքի արքայութեան մտնելու օրինակը, որ պէտք է մանուկներուն նման բարի ըլլալ, որպէսզի կարելի ըլլայ մտնել երկինքի արքայութեան:

Այնուհետեւ կազմուեցաւ թափօրը, որ շրջեցաւ եկեղեցւոյ շրջակայ փողոցը:

Նախորդը

Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Խաղերու Ցուցահանդէս-Վաճառքին Նախաձեռնութիւնները Կը Շարունակուին. Մակի Ծաղկազարդի Առիթով Խանդավառ Մթնոլորտ Ստեղծեց Մանուկներուն Մօտ

Յաջորդը

ՆՇՄԱՐ. Հայ Մանուկներու «Պարտէզ»-Ին Մէջ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.