Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենան երկու մրցումներ: Շիյահի դաշտին վրայ, ախոյեան Պէյրութ Ֆըրսթ կը մրցի Շիյահի դէմ ժամը 8:00-ին, մինչ Միշել Մըր համալիրին մէջ, ժամը 9:00-ին Հուփս կը հիւրընկալէ Ռիատին: Մինչեւ այսօրուան մրցումները Ռիատի եւ Պէյրութ իրենց 3 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած են:
Վաղը, ժամը 9:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Մըթայլեպը:
ՀՄԸՄ-ի մեր աղջիկները Մըթայլեպի նման 2 յաղթանակ արձանագրած են, բայց շնորհիւ մեր համակիրներուն մենք առաւելութիւն մը կ՛ունենանք եւ անպայման յաղթանակով մը կը մնանք 3-րդ դիրքին վրայ:
Ստորեւ` 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Այսօր`
Պէյրութ Ֆըրսթ – Շիյահ
Հուփս – Ռիատի
Վաղը`
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մըթայլէպ
Շաբաթ օր`
Անդրանիկ – Թաատոտ
Էն. Էս. Էյ. – Չեմփս


