«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս 121-115 արդիւնքով պարտութեան մատեց Հիւսթըն Ռոքեթցը Թեքսասի մէջ:
Տալաս, որ իր դաշտին վրայ դիւրին մրցակից չէ, 9 կէտով ետ կը մնար 3-րդ մասին, բայց Ըրվինկի կէտերուն շնորհիւ յառաջացաւ եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ մրցումի աւարտը:
Լուքա Տոնչիչ 41 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Քայրի Ըրվինկ 27 կէտ նշանակեց` 5 էսիսթ ձեռք ձգելով:
Քլիվլենտ Քեւելիրզ 128-105 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ Աթլանթա Հոքսի դէմ մրցումէն: Աթլանթա, որ մրցումին սկիզբը 12 կէտով յառաջացած էր, չկրցաւ շարունակել իր ընթացքը, եւ Քլիվլենտ շնորհիւ Տոնավըն Միչելի 40 կէտերուն եւ 11 ռիպաունտին կրցաւ յաղթել:
Էվըն Մոպլի 17 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քեւելիրզի, որ բաւական լաւ պաշտպանողական մրցում մը ունեցաւ: Ճերըթ Էլըն իր կարգին 11 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Մոպլի 7 պլոք ալ կատարած էր:
Աթլանթայի աստղը` Թրէյ Եանկ, միայն 13 կէտ կրցաւ նշանակել` ձեռք ձգելով 10 էսիսթ: Պէտք է նշենք նաեւ, որ «Էն. Պի. Էյ.» այս տարեշրջանին բնական մրցումներու ընթացքին որոշած էր կարգ մը մրցումներ «Ին սիզըն թուրնըմընթ»-ի գծով նկատի առնել: 5 մրցումներէ ետք պարզուեցաւ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու քառորդ աւարտականի հասնող խումբերը:
Արեւելեան շրջանէն Միլուոքի Պաքս պիտի մրցի Նիւ Եորք Նիքսի դէմ, մինչ Ինտիանա Փէյսըրզ` Պոսթըն Սելթիքսի դէմ: Արեւմտեան շրջանէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզ կը մրցի Ֆէօնիքս Սանզի դէմ, իսկ Սաքրամենթօ Քինկզ` Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Նիւ Եորք Նիքս – Չարլոթ Հորնեթց 115-91
Մայեմի Հիթ – Միլուոքի Պաքս 124-131
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Սթլանթա Հոքս 128-105
Պրուքլին Նեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 115-103
Պոսթըն Սելթիքս – Շիքակօ Պուլզ 124-97
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 106-103
Տալաս Մեւրիքս – Հիւսթըն Ռոքեթց 121-115
Սաքրամենթօ Քինկզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 124-123


