Շաբաթավերջին Ռիատի Պէյրութ կազմակերպեց ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
10 տարեկանէն վար աղջիկներու մրցումին առաջնութիւնը շահեցաւ Սօսէ Սեփեթճեան, մինչ 10 տարեկանէն վար երկսեռ մրցումներուն ան գրաւեց 4-րդ պատուաւոր դիրքը:
. Քիշմաթի աշնան արագ ճատրակի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնակցեցաւ 8 մարզիկներով:
Ընդհանուր մասնակցութեան թիւը 69 էր, եւ Մարք Մարտիկեան կրցաւ գրաւել 11-րդ դիրքը: Միշել Աթայեան գրաւեց 20-րդ դիրքը: Արամ Գազանճեան գրաւեց 31-րդ դիրքը: Քարլօ Աթայեան գրաւեց 45-րդ դիրքը, մինչ Մարտիկ Մարտիկեան գրաւեց 52-րդ դիրքը:


